Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Հալէպի Ութ , Ինը կամ Տաս Հազար Աղաղակող Հայերը

Հալէպի Ութ , Ինը կամ Տաս Հազար Աղաղակող Հայերը

by MassisPost

Սագօ Արեան

Հալէպահայ երիտասարդ Լրագրող Յովիկ Շէհիրեանը, իր վերջերս հրապարակած յօդուածին մէջ կը գրէ « Արդեօ՞ք կարելի է սահմանել կեանքը ընդեղէնի ու ջուրի կերպընկալ տակառներուն մէջ: Բացի նիւթական խաբկանքներուն, կան նաեւ հոգեկան ու բարոյական խաբկանքներ,  ինչպէս՝ «Սուրիան եթէ կը սիրես, չես գաղթեր», «Մենք կանգուն ենք եւ պիտի մնանք» …:

Իրականութիւնը այն է, որ Հալէպի մէջ մանաւանդ կանգուն մնալու «իրաւունք»ը տրուած է որոշ խաւի մը, որոնցմէ են՝ մեծատունները, վաճառականները եւ բարձրաստիճան  պաշտօնատէրերը»:

Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի իրադրութիւնը հասած է այնպիսի փուլ մը, որ հոն մնացող հայորդիներուն կեանքը վտանգի տակ է:

Այս մօտեցման ամէնէն երեւելի ապացոյցը անցեալ Ուրբաթ օր Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ երեւցած սարսափելի տեսարաններն էին, ուր կը զոհուէին չորս հայորդիներ (անոնց մէջ եղբայր եւ քոյր Հինտոյաենները) եւ կ’իյնային տասնեակ վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծայր աստիճան մտահոգիչ էր:

Յստակ է նաեւ, որ Հալէպի մէջ ընթացող զարգացումները այսօր դարձած են միջազգային հանրութեան հետաքրքրութեան գլխաւոր առանցք:

Հակամարտող հիմնական կողմերը՝ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա բացայայտ կերպով կը խօսին կրակի դադրեցման կարեւորութեան մասին, բայց գետնի վրայ այլ գործընթացներ տեղի կ’ունենան:

Մինչ Սուրիոյ իշխանութեան մօտիկ համարուող աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը սփռեն այն մասին, թէ ընդդիմադիր զինեալներ կրակի տակ կը պահեն անզէն բնակչութեան շրջանները՝ որոնց մէջ են նաեւ հայկական թաղամասերը, անդին ընդդիմադիրներու մօտիկ համարուող կայքեր կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակը հարուածած է Հալէպի արեւելեան շրջանները, ու ի շարս այլոց կրակի թիրախ դարձած են երեքէ աւելի հիւանդանոցներ:

Այս ընդհանուր լոյսին տակ յստակ կը դառնայ նաեւ, որ անցնող 25 Օգոստոսին յայտարարուած հրադադարը կը պատկանի անցեալին:

Սուրիական բանակը վճռած է ամէն գնով յառաջանալ եւ իր ապահովական գօտին ընդլայնել յատկապէս գրաւելով «Պուսթան ալ փաշա» հատուածը: բանակը, անցնող ժամերուն թերթիկներ կը ցրուէ ընդդիմադիրներէն պահանջելով վար դնել իրենց զէնքերը ու յանձնուիլ կամ ալ լքել, իրենց դիրքերը եւ հեռանալ օգտագործելով ստեղծուած «ապահով անցքեր»ը:

Սուրիական բանակին կողմէ եղած այդ կոչերէն ետք BBC Arabic կայանը ուշագրաւ կը համարէ «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի կատարած յայտարարութիւնը, ուր ռատիքալ խմբաւորումը պատասխանելով յանձնուելու մասին եղած կոչերուն կը հակադարձէ «ընդհանուր զօրաշարժ» մի ընելու յայտարարութեամբ:

Այս պատկերին դիմաց յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմի թելերը իրենց ձեռքերուն մէջ պահող կողմերը, երբեք պիտի չուզեն, որ գետնի վրայ կողմերէն, որեւէ մէկը բացայայտ առաւելութիւն մը գրանցէ: Ու հակառակ անոր, որ սուրիական բանակը տեղ- տեղ որոշակի յառաջխաղացք կը գրանցէ բացորոշ է նաեւ, որ այդ շրջանները մէկ օրէն միւսը կրնան դարձեալ յայտնուիլ ընդդիմադիրներուն ձեռքը:

Այս բոլորէն անդին մեզի համար ամէնէն մտահոգիչը կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ ցայսօր մնացող 8- էն 10 հազար հայորդիներուն վիճակը: Հալէպի հայութիւնը տեղաշարժի ենթարկելու կամ տարհանելու մասին խօսակցութիւններ եղած են տագնապի առաջին օրերէն ի վեր: Այն օրերուն, երբ բոլորին համար մեծ յոյսեր կային, որ իշխանութիւնները պիտի ընեն ամէն ինչ տիրապետելու համար Հալէպին եւ անոր ծայրամասերուն մէջ «մաքրման» գործողութիւններ ընելով Հալէպը դարձնեն ընդդիմադիրներէ բոլորովին զուրկ քաղաք մը: Այդ խոստումները ամէն օր վերափոխուեցան ու այսօր իշխանութիւններուն կամ Հալէպի բնակիչներուն համար գերխնդիրը Հալէպը ազատագրելը չէ այլ քաղաքի ապահովական գօտիին ընդլայնումը:

Բայց այս բոլոր մօտեցումներէն զատ յստակ է նաեւ, որ Հալէպի համար նախատեսուած ծրագիրները, առաջարկները կամ սպասուած զինուորական գործողութիւնները ինչ- ինչ հանգամանքներու բերումով կրնան փոխուիլ: Այդպէս եղաւ անցնող տարիներուն ու շատ հաւանական է, որ այս անգամ ալ այս դարաւոր քաղաքի «սպասուած պատերազմ»ը յետաձգուի, կամ նոյնիսկ ջնջուի:

Ամէն անգամ մը, որ հայ օճախի մը լոյսը մարի: Զոհեր ըլլան, արիւն հոսի եւ այդ ընտանիքի անդամները իրենց մեռելները հողին տան հայկական աշխարհը, մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ Սուրիոյ եւ Հալէպի թեման արծարծող մտահոգ հայորդիները «ոտքի կ’ելլեն»:

Այս օրերուն ալ նոյնն է դրութիւնը, սակայն այս փուլին եղած արձագանքը կամ հակազդեցութիւնը աւելի լայնատարած է ու բողոքը՝ աւելի մեծ: Պարզ անոր համար, որ հայկական աշխարհին ու մասնաւորապէս երկրէն դուրս գտնուող սուրիահայերուն համար ալ յստակ դարձած է, որ իրենց ծննդավայրին շուրջ ընթացող պատերազմի հրդեհները «մարելու» հանգրուանէն շատ հեռու են:

Սուրիան այսօր դադրած է միջին արեւելեան մակարդակի հակամարտութիւն մը ըլլալէ, այլ վերածուած՝ աշխարհային հակամարտութեան մը, որուն լարումները, սարսափները, քաղաքական եւ ապահովական պրկումները կը յիշեցնեն «Պաղ պատերազմ»ի ամէնէն «տաք» պահերը:

Այս բոլորէն անդին հայութեան տարբեր խաւերուն մօտ սկսած է տեղ գտնել Հալէպը տարհանելու գաղափարը: Մինչ պատասխանատու մարմինները կը փորձեն անտեսել նման առաջարկներ կամ առնուազն փակել, իրենց ականջները նման խօսքերու դիմաց, Հայաստանի մէջ եւս քիչ չեն Հալէպի հայութեան վիճակով մտահոգ եղող տարբեր շերտեր ներկայացնող անձնաւորութիւնները:

Հայրենի իշխանութիւններուն, այս հարցին վերաբերեալ եղած «բասիվ» դիրքորոշման դիմաց առկայ դժգոհութիւնը այս հանգրուանին կը յայտնուի ընկերային ցանցերու վրայ, իսկ Հայաստան ու Լիբանան հաստատուած մեծ թիւով հալէպահայեր կը խուսափին նման նուրբ հարցի մը մասին կարծիք յայտնել:

Հալէպի մէջ եղած Սեւ Ուրբաթ օրուան աւարտին հայրենի լրատուական աղբիւրներ լուր տարածեցին Հայաստանի նախագահի յատուկ կարգադրութեամբ դէպի Հալէպ ուղղուող եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած երկու օդանաւերու դէպի Լաթաքիա ուղեւորութեան մասին:

Այս առումով նաեւ տրուեցան եւ լսելի դարձան տարբեր տեսակի գնահատականներ: Քիչ չէր տոկոսը անոնց, որոնք ողջունելով հանդերձ հայրենի նախագահին այս ազնիւ քայլը կը դիտարկէին, որ հալէպահութեան համար այսօր անհրաժեշտը միայն հացն ու բրինձը, դեղն ու ալիւրը, ոսպը, տաք հագուստն ու պէտքական նիւթեր չեն այլ հոգիի ողջութիւնն է:

Շատ հաւանաբար նոյնը պիտի ըսէին նաեւ հալէպահայերը: Անոնք չարութեամբ չէ, որ պիտի ուզէին խօսիլ այդ մասին, այլ մղուած իրենց սեփական կեանքը փրկելու բնական իրաւունքով մը:

Մահ ու կենաց կռիւ մղելով, իրենց կեանքի ապահովութիւնը հակահայ յայտնի կողմերէ նիւթական նեցուկ ստացող հրոսակներուն «յանձնած» ըլլալով հալէպահայութեան համար, այսօր հիմնականը այս բոլորէն ողջ, առողջ ու անվտանգ դուրս գալն է:

Ու այս պարունակին մէջ է նաեւ, որ ընդգծելի են հալէպահայ լրագրողին եւ իր նման հարիւրներուն վերը գրած տողերը, որոնց համար արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքը անպայման որ վեր է կերպընկալէ մեծ ու փոքր- կապոյտ ու դեղին տակառներէն , Նոր Գիւղի եւ «Վիլլաններ» շրջանին մէջ փուլ եկած տուներու փոշիէն, մութ, անջուր եւ ամէնէն տարրական պէտքերէն զրկուած եւ աղէտեալ դարձած իրենց ծննդավայրին կարօտէն:

Անկախ բոլոր հաշիւներէն, անկախ հին ու նոր գերեզմանները պահելու, սէգ ու բարձր գմբէթներու օրհնութիւնէն, Հալէպի խուլ ու մութ թաղերէն դէպի խոնաւ մարաններու մէջ ապահովուած ու դարաւոր արխիւներէն Հալէպահայը այսօր կանգնած է մահուան վտանգի սեմին:

Կարեւոր ալ չէ, թէ ինչքանով կը գնահատուի անոր թիւը:

Ութը, ինը, տասը կամ եօթ հազար հայեր: Հայեր որոնք դար մը ետք այսօր դարձեալ յայտնուած է նոր տեսակի հալածանքներու մէջ: Հայեր, որոնք ամէն օր կը պատմեն իրենց լուռ ցաւերուն մասին:

Լուռ ցաւեր նոյն Գրիգոր Զոհրապի գրած տողերէն առնելով իրենց փրկութեան վերջին յոյսը կ’ուզեն պոռալ ամբողջ աշխարհի երեսին:

Խաղաղ ու բարի Հալէպի օրերը դարձան սեւ: Հալէպը դարձաւ սեւ սուտ գարնան մասին խօսող եւ հազար ու մէկ մագիլներով յայտնուած նոր Ենիչէրիներու եւ ճիւաղներու ձեռամբ:

Հալէպի հայերը այսօր ալ կ’աղաղակեն: Անոնք ութ կամ ինը կամ տասը հազար հայերը, որոնց փրկութիւնը մեր բոլորին ուսերուն է:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment