Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի նոր կառավարութեան կազմէն հեռացնելու մասին տարածուող լուրերը իրականութիւն դարձան:
Սերժ Սարգսեանի Հոկտեմբեր 3-ի հրամանագրերով Վիգէն Սարգսեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան վերանշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար:
Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 4-ին այցելելով Պաշտպանութեան նախարարութիւն բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին ներկայացուց պաշտպանութեան նորանշանակ նախարար Վիգէն Սարգսեանը:
Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքներուն, որոնք հաշուի առած է այդ որոշումները կայացնելու ատեն:
Նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ, այդ համատեքստին մէջ Սերժ Սարգսեանը խօսէր է նոր Սահմանադրութեամբ պաշտպանութեան նախարարի, նախարարութեան եւ ԶՈւ գլխաւոր շտապի դերակատարութեան մասին երկրի պետական կառավարման համակարգին մէջ:
Սերժ Սարգսեանը ընդգծէր է, որ երթալով պիտի աւելնան նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հնարաւորութիւնները:
Այսպիսով ամբողջացաւ նոր կառավարութեան կազմը, որմէ դուրս մնացին երկու «օլիկարխկ» նախարարներ` Գագիկ Բեգլարեանր եւ Գագիկ Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ Սէյրան Օհանեանը, որու հեռացման մասին կը խօսուէր ապրիլեան պատերազմէն ասդին: