Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճ անի արտ.գործ.նախարարներու հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հանդիպումներուն առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է Վիեննայի եւ Սան Պեթերսպուրկի գագաթնաժողովներու ժամանակ ընդունուած որոշումներու իրականացմանը:
Յատկապէս, ինչպէս ըսուած է Հինգշաբթի օր, Նիւ Եորքի մէջ համանախագահներու հրապարակած յայտարարութեան մէջ, քննարկուած են յետագայ քայլերը, որոնք կրնան մթնոլորտ ստեղծել ըստ էութեան բանակցութիւններու յառաջխաղացման համար, որոնք ալ, իրենց կարգին, կրնան յանգեցնել կարգաւորման:
«Մենք նաեւ տեսակէտներ փոխանակեցինք առաջարկներու շուրջ, որոնք կրնան քննարկուիլ կողմերու միջեւ»,- կը փոխանցեն միջնորդները՝ շարունակելով․- «Մեր կառավարութիւնները պատրաստ են պատշաճ ժամանակ հիւրընկալել նախագահներու կամ արտ.գործ.նախարարներու եւս մէկ հանդիպում»:
Համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիքը, Իկոր Պոպովը եւ Բիէռ Անտրիոն կը յայտնեն նաեւ, որ կը ծրագրեն մօտ ապագային այցելել տարածաշրջան:
Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը, իր հերթին, Թուիթերի էջին կատարած գրառմամբ կը հաղորդէ Նիւ Եորքի մէջ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետյարովի հետ հանդիպումներու մասին՝ ամփոփելով․- «Կ′ակնկալենք յառաջընթաց առանցքային հարցերու մէջ»: