Սեպտեմբեր 19-ին Փարիցի մէջ գործող ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» երիտասարդական միութեան հրաւէրով բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած «Ազրպէյճանի գիւղ»-անուան տակ բացուած ցուցահանդեսի վայրը:
Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի դէմ ուղղուած պաստառներով ու բարձրախօսով հնչող բողոքի խօսքերով, երիտասարդներ հաւաքուած էին ոստիկանութեան կողմէ հաստարուած հեռաւորութեան վրայ:
«Անցորդները կը հարցնէին թէ ո՞վ ենք եւ ինչո՞ւ համար հաւաքուած ենք: Ոստիկաններուն թիւը սկիզբը երկուք էր, սակայն հասաւ 30-ի: Անոնք մեզ զգուշացուցած էին, որ 200 մեթրէն աւելի չմօտենանք ցուցադրութեան վայր, կը սպառնային ձերբակալել մեզ: Ազերիական ապահովական վարձուած խումբի անդամները սկսան աւելի մօտենալ եւ ծեծելու փորձեր ընել, բայց ոստիկանները արգիլեցին: Ցոյցը նախատեսուած էր այս օրը, որովհետեւ Ալիեւի կինը` Մեհրիպան Ալիեւ անձամբ բացումը պիտի կատարէր «Գիւղ»-ին», «Արեւելք» կայքէջին յայտնած է ՍԴՀԿ Փարիզի «Նազարբէկ երիտասարդական միութեան» անդամ մը:
«Նազարբէկ» երիտասարդական միութիւնը Ներերքին. Գործոց Նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած էր ցոյցը կայացնելու համար, բայց միայն 700 մ. հեռաւորութեան վրայ: ՚ «Նազարբէկ» հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր ամբողջ գաղութը, ինչպէս նաեւ հեռախօսային, ցանցային եւ անհատական կապեր հաստատելով:
Վերջին տարիներուն, «Հայտար Ալիեւ» հիմնարկութեան նիւթական միջոցներով, Փարիզի մէջ քարոզչական իրարայաջորդ ձեռնարկներ կազմակերպող Ատրպէյճան, այս անգամ ալ ինքզինք կը ցուցադրէ «Ազրպէյճանի գիւղ»-անունով, մայրաքաղաքին 7-րդ թաղամասի` Ժոֆրը հրապարակին վրայ, ամբողջ շաբաթ մը` Սեպտեմբեր 17-էն 25: