Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Գալֆայեան Վարժարանին Մօտ Ցեղապաշտական Բնոյթի Գրութիւններ Տեսնուած են

Պոլսոյ Գալֆայեան Վարժարանին Մօտ Ցեղապաշտական Բնոյթի Գրութիւններ Տեսնուած են

by MassisPost

Այսօր`19 Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ մէջ ուսումնական տարուայ մեկնարկման օրը, հայկական համայնքը դարձեալ զերծ չէ մնացած տարբեր սպառնալիքներէ:

Պոլսոյ Իսքիւտար թաղամասը գտնուող Քալֆայեան վարժարանի պատին թուրք ազգայնականներու կողմէ գրութիւններ եղած են՝ «Թող ապրի թուրք ռասան» բովանդակութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ «Անարշի հապեր» կայքը:

Քալֆայեան վարժարանը նաեւ կը գործէ որպէս գիշերօթիկ դպրոց` Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներէ ժամանած ծպտեալ հայ ընտանիքներու երեխաներու համար:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւն: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակներ` ներկայացնելով մկրտութեան թուղթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment