ԼՂ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 18-ին ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ` Վազգէն Գալթաքճեանի եւ Խաչիկ Քէշիշեանի:
Հանդիպման քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին հարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող շարք մը հարցեր:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւորած է աւանդական կուսակցութիւններուն հետ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ այն համարելով պահանջուած եւ կարեւոր համազգային խնդիրներու լուծման համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ` Բակօ Սահակեանին հետ մեր ունեցած հանդիպման ընթացքին այլ խնդիրներու կողքին, մասնաւորապէս քննարկեցինք Արցախի սահմանային բնակավայրերու հարցը»,- «Արեւելք» կայքէջին ըսաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Համբիկ Սարաֆեան:
Սարաֆեան նաեւ նշեց, որ ինչ ալ որ ըլլան Արցախեան հիմնախնդրի լուծման տարբերակները, սահմանային համայնքներու եւ գիւղերու բարելաւման եւ ամրացման հարցը պէտք է մնայ հայրենի եւ սփիւռքեան մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնը: «Մենք կը գիտակցինք, որ Արցախի սահմանները պահպանող մեր հերոսական բանակը պէտք է ունենայ ամուր թիկունք եւ բարօր ու ապահով պայմաններու մէջ ապրող բնակչութիւը»,- դիտել տուաւ Սարաֆեան, առաջարկելով, որ «Արցախի վերաբնակեցման ամրապնդման համար հարկաւոր է ստեղծել համահայկական մարմին մը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ հայութեան միասնական բոլոր ջանքերը ծառայեցնել սահմանային գօտիներու մօտ եղող շրջաններու բարգաւաճման եւ զարգացման ի խնդիր»: