Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ «Հալէպի Պատերազմ»ը Նոր Փուլ Պիտի Մտնէ՞

«Հալէպի Պատերազմ»ը Նոր Փուլ Պիտի Մտնէ՞

by MassisPost

Հալէպի    շուրջ   ընթացող  զարգացումները ցոյց կու տան, որ  քաղաքը  նոր փուլ  մը պիտի մտնէ: Խօսքը պատերազմական  գործողութիւններու  նուազեցման եւ քաղաքական կարգաւորումներու կամ առնուազն բանակցութեանց վերսկսման մասին է:   Տեղի է յիշատակել, որ   Սուրիոյ տարբեր «թէժ կէտեր»ուն համար ռուս-ամերիկեան  ճիգերով  եղած հրադադարը  երեք օրէ  ի վեր կը շարունակուի:   Այս բոլորին   կողքին յառաջիկայ ժամերուն ՄԱԿ-ի կարգադրութեամբ մարդասիրական     օգնութիւն փոխադրող  20 բեռնակառքեր  պիտի հատեն Սուրիոյ  բանակի տիրապետութեան տակ եղող «Գասթէլո»ի ճանապարհը եւ մուտք գործեն ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ եղող  Հալէպի արեւելեան մաս, ուր կ’ապրին  շուրջ  250  հազար   սուրիացիներ: Այս մասին խօսած է նաեւ  Սուրիոյ համար ՄԱԿ-ի օժանդակութեանց մարմնի յատուկ   պատուիրակ  Իան Իկլանտ:  Ան ըսած է, որ Հալէպի արեւելեան շրջաններ օգնութիւններ  հասցնելու գործընթացը պէտք է համարել նոր փուլ մը սուրիական պատերազմի այս հանգրուանին:

Սուրիոյ հարցերու մասին գրող   վերլուծաբաններ, իրենց կարգին  կարծիք  յայտնած են, որ   եթէ  առկայ հրադադարը    անխափան  կերպով շարունակուի, ապա շատ  հաւանական է, որ  Ժընեւի բանակցութիւնները վերսկսին: Այս բոլորին մէջ անշուշտ երեւելի են միջազգային համաձայնութեան մը առաջին նախանշանները, ու հետեւաբար շատ հաւանական է, որ Հալէպի երկար ժամանակէ «սպասուած»   մեծ ճակատամարտը  յետաձգուի:

Այս հաւանական  զարգացումները անշուշտ կախեալ են գետնի վրայ ընթացող դէպքերէն , ու    ինչպէս մօտիկ անցեալին  զարմանալի  չէ, եթէ    եղած  բոլոր  կարգադրութիւնները ջուրը  նետուին,  ու   ընդդիմադիր տարբեր խմբաւորումներ , ինչ ինչ հաշիւներով ու «պատուէր»ներով       անգամ մը եւս  պատերազմի նոր     փուլ մը սկսին Հալէպի  մէջ:

Գալով Հալէպի հայկական  շրջաններուն եւ ըստ «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին  քաղաքին մէջ անցնող օրերուն եղած սպասողական զգուշաւորութիւնը  կը շարունակուի, սակայն  այդ բոլորին վրայ աւելցած է լաւատեսական շեշտ մը,որ կարելի է պայմանաւորել յառաջիկայ երկուշաբթի օր Հալէպի  դպրոցական տարեշրջանի բացումով ու ամէնամեայ    դպրոցական վերամուտով:

Յիշեցնենք, որ  Սուրիոյ բանակի ջոկատներ գործադրելով կնքուած համաձայնութեան  կէտերը  հեռացած  են «Գասթէլո»  ճանապարհի մօտակայքէն ու փոխարէնը շրջանի ապահովութիւնը  ստանձնած են ռուսական    մասնայատուկ ջոկատներ:    Իր կարգին ընդդիմադիրներու մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ Ալ Սուրի» կայքը    հաղորդած է,  որ ընդդիմադիր  ահաբեկիչ  զինեալներ  մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ շրջանի  մօտ եղող իրենց  դիրքերուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment