Վան քաղաքի պատմական բերդը, ընդգրկուած է Եունեսքոյի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական «Haber.sol.org» կայքը:
Այս մասին խօսած է Թուրքիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Օճալ Օղուզը, որ ըսած է, թէ որոշումը տրուած է անցնող Ապրիլին, սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ այս մասին միայն հիմա յայտարարած է:
Վանի բերդէն բացի` Թուրքիոյ ներկայացուցած յայտին հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած են եւս 9 պատմամշակութային կառոյցներ ու վայրեր:
Նշենք, որ անցնող Յուլիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ հայոց մէկ այլ պատմական մայրաքաղաք` «հազար ու մի եկեղեցիներու» քաղաք Անին: Թուրքիոյ մէջ եղող Վան պատմական քաղաքը եղած է հայոց կարեւոր մայրաքաղաքներէն մին: