Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիա Ինճիրլիք Ռազմակայան Գերմանացի Երեսփոխաններուն Մուտքը Արտօնած է

Թուրքիա Ինճիրլիք Ռազմակայան Գերմանացի Երեսփոխաններուն Մուտքը Արտօնած է

by MassisPost

Թուրքիոյ կառավարութիւնը Գերմանիոյ Դաշնակցային Պունտեսթակի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի անդամներուն արտօնած է այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ առաքելութիւն կատարող գերմանացի զինուորականներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեանը, նշելով, որ Անգարայի այս քայլը  ողջունուած է Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի կողմէ: «Երեսփոխանները պէտք է կարենան այցելել այն բանակին, որ հաշուետու է Պունտեսթակին առջեւ: Թուրքիոյ կառավարութեան այդ որոշումով մենք քիչ մը յառաջխաղացք ունեցանք մեր յարաբերութիւններուն մէջ», -ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

Յունիսին Պունտեսթակը որդեգրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը որը Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պատճառ դարձած էր:

Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն որպէս գերմանացի օրէնսդիրներուն Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու հնարաւորութիւն ընձեռելու պայման նշած էր Պունտեսթակի բանաձեւէն Գերմանիոյ կառավարութեան հրաժարումը:

Նշենք, որ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ ՏԱԷՇ-ի դէմ պայքարելու նպատակով կը գտնուին գերմանական «Թոռնէյտօ» տիպի հետախուզական օդանաւեր եւ 240 գերմանացի զինուորներ:

Միւս կողմէ` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլ, Գերմանիոյ Պունտեսթակէն ներս ունեցած ելոյթին, խօսած է Թուրքիոյ օգնելու հրամայականի մը մասին: Վարչապետ Մէրկէլ ըսած է.« Եթէ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուած կը փորձուի, եթէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կառավարութիւնը վար առնել կ’աշխատին, մենք պէտք է դէմ կանգնինք ատոր»:

Մէրքէլ դիտել տուած է, որ եթէ չենք ուզեր որ փախստականներ Եգէականի ջուրերուն մէջ խեղդուին, եթէ պիտի ուզենք ապահովել Եւրոպայի սահմաններու ապահովութիւնը, այն ատեն պարտաւոր ենք գործակցելու Թուրքիոյ ու միւս երկիրներուն հետ: «Ես կը զօրակցիմ Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան, բայց տարբեր երկիրներու հետ ալ նմանօրինակ համաձայնութիւններ պէտք է ստորագրուին, որպէսզի փախստականները փրկուին մարդու առեւտուր ընողներուն ձեռքէն»,- ըսած է Մէրքէլ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment