Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեք Ենիգոմշեան.- «Հեռախօսազանք Ստանալու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած է»

Ալեք Ենիգոմշեան.- «Հեռախօսազանք Ստանալու Համար Մեղադրանք Առաջադրուած է»

by MassisPost

«Սասնայ ծռեր»-ուն օժանդակողներու ու Հիմնադիր խորհրդարանի հետ կապ ունեցող անձանց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքները կարելի է որակել, որպէս քաղաքական հետապնդում, ինչպիսին է Կարօ Եղնուկեանի պարագան», յայտնեց Ալեք Ենիգոմշեան, «Հայելի» ակումբին մէջ:

«Օժանդակութեան համար մեղադրանք ստացած անձանց մեծ մասը կամ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամներ են կամ Հիմնադիր խորհրդարան նախաձեռնութեան շրջանակէն են, եւ կամ անոնց հարազատներն ու մօտիկ ընկերները», աւելցուց ան:

Ենիգոմշեանը նշեց նաեւ, որ Յուլիս 17-ին զանգ ստանալու համար մեղադրանք առաջադրուած է Մհեր Մազմանեանին, որ տան միակ կերակրողն է եւ վեց զաւակներու հայր:

Ալեք Ենիգոմշեանը հաստատեց, որ ճնշումները տակաւին կը շարունակուին. ան ըսաւ.- «Վարչախումբի ներկայացուցիչները, քանի որ քրէական ապացոյցներ չունին  «Սասնայ ծռեր»-ու, անոնց օժանդակողներուն եւ քաղբանտարկեալներուն, Ժիրայր Սեֆիլեանի նկատմամբ, կը դիմեն իրենց սովորական սպառնալիքներուն, թէ Ժիրայր Սեֆիլեանի նկատմամբ ցուցմունք պիտի տաք, այլապէս ձեր նկատմամբ լրիւ այլ շինծու մեղադրանք պիտի առաջադրուի: Այս ամբողջը նոյն տրամաբանութեան մաս կը կազմէ: Ծիծաղելի է ինծի ներկայացուած մեղադրանքը, քանի որ ինձ կը մեղադրեն, որ տեսած ու ըսած եմ, թէ քանի զրահամեքենայ կը մօտենայ եւ որ  փողոցէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment