«Այս տարի եղած բնական աղէտը առաջինն էր նահանգի (Լուիզիանա) պատմութեան մէջ»,-«Արեւելք»ին յայտնեց Վազգէն Գալթաքճեան: Ան նշեց, որ «քաղաքին մէջ կան 8 գետեր, որոնք Միսիսիփի գետին մէջ չեն թափիր եւ անոնք ՝ 3,5 օր տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով միասին յորդեցան և ջուրը խուժեց քաղաք»: Ըստ մեր խօսակիցին, Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի մայրաքաղաք՝ Պաթոն Ռուժի շրջակայքը գտնուող գիւղաքաղաքները վնասուած են, ի մասնաւորի 2 գիւղաքաղաքներ, որոնց 90 առ 100-ը մնացած է ջուրի տակ: Գալթաքճեան նաեւ նշեց, որ կառավարութեան տուեալներուն համաձայն ՝ 45000 տուներ և 20-25000 գործատեղեր ընկղմած են ջուրերուն մէջ:
«Եղածը Աննախադէպ էր հակառակ անոր, որ պետական մարմիններ նախատեսած էին գետին յորդիլը, բայց ոչ այսքան ահաւոր: Ոչ ոք պատրաստ էր այս աղէտին: 13 Զոհեր եղան, որովհետեւ շատեր իրենց տուներէն հեռացան, իսկ մնացեալները փրկուեցան շտապ օգնութեան մարմիններու ճիգերով:
«Արեւելք»ի խօսակիցը նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ շրջանին մէջ կ’ապրին 40 հայ ընտանիքներ, որոնցմէ 4 ընտանիքներու տուները ջուրով լեցուեցան, որովհետեւ իրենց տուները աւելի ցած մակերեսի վրայ կը գտնուէին: Այս ընտանիքները՝ իրենց ունեցուածքը ամբողջովին կորսնցուցին ու ապաստանեցան այլ հայրենակիցներու մօտ:
Անոնցմէ էր Խաչիկ Մութաֆեանը, որ 1,5 օր իր տան երկրորդ յարկը պատսպարուելէ ետք զինուորներու ճիգերով փրկուած է: Ան ներկայիս կը բնակի իր հօրենական տան մէջ, մինչեւ, որ իր բնակարանի վերանորոգումը աւարտի:
Պաթոն Ռուժի մէջ կան զանազան գոյնի բնակիչներ, ինչպէս նաև հայեր, որոնց ընդհանուր թիւը մօտաւորապէս կը կազմէ 130 անհատ: Տեղի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ ջանքերով նիւթական և բարոյական օժանդակութիւններ տրամադրուած են տուժած ընտանիքներուն:
Գալթաքճեան նաեւ յիշեցուց, որ Ազգային Առաջնորդարանի միջոցաւ դրամահաւաք պիտի յայտարարուի Արեւելեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի աղէտեալ այս ընտանիքները նախնական օժանդակութիւններ ստանան, մինչեւ կառավարութեան կողմէ կատարուելիք փոխհատուցումները:
«Կառավարութիւնը նոր ձեւերու մասին կը մտածէ խուսափելու՝ նման պատահարներէ: Ճիշտ է, որ ահաւոր վնասներ կրեցին մեր ընտանիքները, բայց բարեբախտաբար մարդկային կորուստներ չունեցանք: Հայ ժողովուրդի զաւակները միշտ զիրար կ’օգնեն ճգնաժամային պահերուն: Բոլորը միասին ձեռք ձեռքի տուած տուներուն մէջ լեցուած աղբերը մաքրած են արդէն եւ կը սպասեն պատերու չորացման, որպէսզի ընտանիքները տեղափոխուին իրենց տուները», եզրափակեց Վազգէն Գալթաքճեան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ 13 օգոստոսին Պաթոն Ռուժը հարուածած աղէտը պատճառ դարձած էր նիւթական մեծ վնասներու եւ ըստ կայանին քաղաքին մէջ եղած վնասները կը գնահատուին 47 միլիոն ամերիկեան տոլարով: