Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Տարածքները Յանձնելու Խօսակցութիւնները Շինծու են․ ԼՂ ԱԺ Նախագահ

Տարածքները Յանձնելու Խօսակցութիւնները Շինծու են․ ԼՂ ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, «Ազատութեան»  հետ զրոյցի ընթացքին արձագանգելով ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցին, ըսաւ, որ իր տպաւորութիւնը այնպիսին չէ, որ շատ աշխոյժ բանակցային գործընթաց կայ:

«Կարծես թէ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ պահ մը աշխուժացած է, բայց այդ մէկը կապուած է իրողութեան կայունացման հետ: Այս պահուն կ՛ընթանան որոշակի խորհրդատուութիւններ,  ես կը կարծեմ, որ կողմերը կը ճշդեն իրենց դիրքորոշումները, ընդհանուր  քաղաքական իրավիճակի առմամբ, բայց վստահ եմ` այդ միայն ղարաբաղեան խնդիրին հետ չէ կապուած», – ըսաւ Ղուլեան:

Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահը շինծու որակեց «հող` կարգավիճակի դիմաց » թեմայով խօսակցութիւնները․ – «Այդ խօսակցութիւնները միշտ ալ եղած են, բայց մենք միշտ յաջողած ենք համաժողովրդական իմաստութեան շնորհիւ միշտ հնարաւորութիւններ գտնել

․․․ Ես կը կարծմ, որ այս պահուն այդ խօսակցութիւնները  շինծու են, արհեստական են, նետուած են, որպէսզի հասարակութիւնը պարզապէս տատանումներու մեջ ըլլայ, եւ կը կարծեմ, որ այս իմաստով Արցախի ժողովուրդը տրամադրուած է, շատ ամուր կանգնած է իր հողին վրայ եւ կը շարունակէ իր պետականութիւնը կառուցել»:

Կրնանք ըսել, որ այդ տարբերակը ընդունելի չէ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար, Աշոտ Ղուլեան արձագանգեց․ -«Այդ  մէկը ժողովուրդի որոշելիքն է, չեմ կարծեր, որ այստեղ ոեւէ մէկը ինչոր բան կրնայ որոշել առանձին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment