Ատրպէյճանական «APA» գործակալութեան հաղորդմամբ` Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն ըրած է` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու հետ:
Ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ այն մարդոց անունները, որոնք «անօրինական կերպով մուտք կը գործեն Ազրպէյճանի տարածք»` մասնակցելու ԼՂՀ-եան անկախութեան 25-ամեակի միջոցառումներուն եւ Օգոստոսի վերջ Սեպտեմբերի սկիզբին կայանալիք միջազգային համաժողովին, պիտի ներառուին «անցանկալի անձանց» ցուցակին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:
Վերջինս յայտարարած է, թէ այդ միջոցառումը «կը վնասէ» ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, որով կը զբաղուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:
Վերջինս կոչ ըրած էր համաժողովին հրաւիրուածներուն յարգել միջազգային չափանիշները եւ զերծ մնալ «Ազրպէյճանի գրաւուած տարածքներ» այցելութիւններ կատարելէ: