Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանիան կը Պատրաստուի Դուրս Բերել իր Զինուժը Թուրքիոյ Ինճիրլիք Ռազմակայանէն

Գերմանիան կը Պատրաստուի Դուրս Բերել իր Զինուժը Թուրքիոյ Ինճիրլիք Ռազմակայանէն

by MassisPost

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը այսօր չէ հերքած, որ պաշտօնական Պէրլինը կրնայ դուրս բերել  իր զինուժը Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայէն՝ Անգարայի հետ տարաձայնութիւններու պատճառով:

Փաստելով, որ Գերմանիան կ’ուզէ աջակցիլ Իսլամական պետութեան դէմ ՆԱԹՕ-ի պայքարին Թուրքիոյ տարածքէն, Ուրսուլա Ուոն տր Լեյէնը միաժամանակ ընդունած է, որ կը քննարկուին այլընտրանքային տարբերակներ՝ եթէ զօրքերը դուրս բերելու անհրաժեշտութիւն ըլլայ:

Այսօր աւելի շուտ գերմանական «Շպիկէլ»-ը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն գրած է, թէ  Գերմանիոյ   բանակի զինուորական խորհուրդը այժմ կը դիտարկէ գերմանական 250 հոգիներէ  զօրախումբն ու Tornado- հետախուզական ինքնաթիռները Կիպրոս կամ Յորդանան տեղափոխելու հնարաւորութիւնը, թէեւ ակնյայտ է, որ այդ կը բարդացնէ   միջազգային ուժերու ուժերու պայքարը ահաբեկիչներուն  դէմ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները փաստեր էին, որ տեղափոխման համար կը պահանջուի առնուազն երկու ամիս, եւ այդ ընթացքին ՆԱԹՕ-ի միացեալ զօրախումբը պէտք է դադարեցնէ հետախուզական թռիչքները Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Սակայն նոյնիսկ այդ մէկը ետ չի պահեր Գերմանիոյ իշխանութիւններուն: «Սա Պէրլինի պատասխանն է Թուրքիոյ, որ մինչեւ այս պահը կ’արգելէ գերմանացի պատգամաւորներու մուտքը Ինճիրլիքի  խարիսխ», – գրած է Շպիկէլը՝ յիշեցնելով, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները սրուած են ամիսներ առաջ, երբ գերմանական Պունտեսթակը գրեթէ միաձայն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ատկէ անմիջապէս ետք Անգարան սկսաւ խոչընդոտներ ստեղծել գերմանական պատուիրակութեան համար. Պաշտպանութեան նախարարը գերմանացի զինուորներուն կրցաւ հանդիպիլ տեւական բանակցութիւններէ ետք միայն, իսկ գերմանացի օրէնսդիրներուն Ինճրիլիք այցելելու հնարաւորութիւն չտրուեցաւ:

Երկրի ամենաազդեցիկ քաղաքական ուժերէն մէկը՝ փոխկանցլեր վարչապետ Զիկմար Կապրիէլի ղեկավարած Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը այժմ կը սպառնայ դէմ քուէարկել Թուրքիոյ մէջ գերմանական զօրախումբի մանդատի երկարաձգման: Այդ պարագային, ամենայն հաւանականութեամբ, գերմանացիները դուրս կու գան Ինճիլիքէն այս տարուայ դեկտեմբերին:

«Գերմանիոյ բանակը հաշուէտու է խորհրդարանի առջեւ, եւ եթէ մեր պատգամաւորները իրաւունք պիտի չունենան այցելելու իրենց զինուորներուն, ուրեմն բանակը չի կրնար մնալ այդ երկրին մէջ», – անցեալ ամիս յայտարարեց Կապրիէլը:

«Թող բոլորի գիտնան, որ գերմանացի զինուորները Ինճիրլիքի մէջ երկար չեն մնար՝ եթէ թրքական կողմէն համապատասխան վերաբերմունք չըլլայ», – իր հերթին զգուշացուցած էր խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթը:

Հարցը քննարկուած էր նաեւ Մէրքէլ – Էրտողան հանդիպման ժամանակ․ ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Թուրքիոյ նախագահը Գերմանիայի վարչապետէն պահանջած էր յայտարարել, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չ’արտայայտէր Գերմանիոյ կառավարութեան տեսակէտը, ինչին Մերքէլը չէր համաձայնած:

Այսօր վարչապետը կրկին յայտարարեց, թէ կը շարունակեն բանակցութիւնները թրքական կողմի հետ գերմանացի պատգամաւորներուն Ինճիլիք մուտքը արտօնելու շուրջ․ – «Գերմանական զօրախումբը արդիւնաւէտ կը գործէր այդ  զօրակայանին  մէջ, որու, ինչպէս երէկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նշեցին, նաեւ ՆԱԹՕ-ին կը պատկանի: Յոյսով եմ, որ այս համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ ապագային: Սակայն,  յստակ է՝ քանի որ Գերմանական բանակը խորհրդարանին հաշուետու է, մեր օրէնսդիրները պէտք է կարենան այցելել Ինճիլիքի ռազմաբազա: Եւ մենք կը շարունակենք այս հարցի շուրջ բանակցութիւնները թրքական կողմի հետ»:

Պաշտօնական Անգարան առայժմ այս յայտարարութիւններուն որեւէ կերպ չէ արձագանգած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment