Բնապահպանները կ՛ահազանգեն՝ Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործումը սպառնալիք է կենսաբազմազանութեան եւ առաջին հերթին Սեւանայ լճին համար:
Անոնց կարծիքով, առողջարանային Ջերմուկէն ընդամէնը եօթ քիլոմեթր հեռու գտնուող հանքավայրի բացասական հետեւանքները երկար սպասել չեն տար։
Համահայկական բնապահպանական ճակատ քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամ Լեւոն Գալստեանին խօսքով՝ առաջին վնասը կը հասցնի Սեւանի քաղցրահամ ջուրին․ – «Այդ հանքավայրից մօտաւորապէս մի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ անցնում է Որոտան – Արփա – Սեւան թունելը, եւ էդ արդէն թթուային ջրերը կ՛ազդեն ոչ միայն թունելի ինֆրասթրուքթուրային կառոյցների քայքայման տեսանկիւնից, այլ նաեւ էդ ջրերը կը տեղափոխուեն բուն թունելի մէջ եւ կը փոխեն էդ թունելով տեղափոխուող ջրերի որակը․․․ եւ յետոյ կը տեղափոխուեն Սեւանայ լիճ՝ ազդելով նաեւ Սեւանայ լճի ջրի որակի վրայ»:
Բնապահպանն յայտնեց, թէ այս պահուն ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ինչպէս կը փոխուի Սեւանի ջուրին որակը․ ռիսքերու յստակ գնահատում չէ կատարուած, զոր կը նշանակէ, որ ինչպէս իրենց՝ բնապահպաններուն, այնպէս ալ հակառակ կողմին պնդումները կրնան ստոյգ չըլլալ։
«Մենք համոզուած ենք, որ վտանգը կարող է շատ լուրջ լինել եւ ինքը անկառավարելի է: Մենք կարող է ունենանք Սեւանայ լճի ջրի որակի լուրջ փոփոխութիւններ՝ դէպի թթւայնացում», – յայտնեց Գալստեան:
Բնապահպանները նաեւ իրաւական բացեր նկատած են Ամուլսարի հանքավայրին շահագործման ծրագիրէն ներս։ Ջերմուկուցի բնապահպան, իրաւաբան Նազելի Վարդանեան կը շեշտէ, որ «Սեւանի մասին» օրէնքով լիճի ջրահաւաք աւազանին մէջ խստիւ կ՛արգիլուի ցանկացած արդիւնականութիւն, թափօններու տեղադրութիւն, վերամշակում եւ այլն․ – «Եւ պատահական չէ, որ 2012 թուականին Սեւանի յանձնաժողովը բացասական եզրակացութիւն է տուել: Եւ դրա վերաբերեալ առաջին փորձաքննութեան եզրակացութեան մէջ նշուած է որպէս պարտադիր պայման, որ երաշխիքներ ներկայացուեն, որ Սեւանը չի աղտոտուելու: Դրանից յետոյ չգիտեմ ինչ արեցին, որ նորից դիմեցին Սեւանի յանձնաժողովին եւ ստացան դրական եզրակացութիւն»:
Յանձնաժողովին եզրակացութեան որպէս արդիւնք իրաւաբանը կը տեսնէ «պետական պատուէր»՝ պնդելով, թէ կառավարութեան բոլոր որոշումները, փորձաքննական եզրակացութիւնները ակնյայտօրէն յարմարեցուած են ծրագիրին․ – «Ամէն ինչ անում է կառավարութիւնը, որ հասարակութեան բերանը փակի եւ ասի, որ այդ խնդիրը լուծուած է։ Դրա համար մենք գալիս ենք եզրակացութեան, որ սա պետական պատուէր է»:
Բնապահպաններուն մտահոգութիւնները, սակայն, չեն կիսեր Ամուլսարի հանքավայրը շահագործող բրիտանական «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»-ի դուստր ընկերութեան մէջ՝ «Լիտիան Արմենիա»-ի մէջ։
Ընկերութեան կայուն զարգացման գծով աւագ տնօրէն Արմէն Ստեփանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ռիսքերու գնահատում կատարած են՝ եզրակացնելով, որ Սեւանին որեւէ վտանգ չի սպառնար․ – «Էդ փաստաթղթերը, մասնաւորապէս ՇՄԱԳ֊ը՝ շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատման հաշուետուութիւնը, մի քանի անգամ յանձնուել է Սեւանի տեխնիկական պաշտպանութեան յանձնաժողով, վերջին երկու անգամն էլ դրական եզրակացութիւն է ստացուել՝ համապատասխան փոփոխութիւններ նախագծում կատարելուց յետոյ»:
«Լիտիան Արմենիա»-ի ներկայացուցիչը նաեւ վստահեցուց, որ հանքավայրի շահագործման ծրագիրը կ՛իրականացուի օրէնքին համապատասխան:
Անցած ուրբաթ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անձամբ ներկայ գտնուած էր հանքավայրի շինարարութեան մեկնարկի արարողութեան։ Կառավարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, որ այս՝ Հայաստանի մէջ, առաջին հանքարդիւնաբերական ծրագիրն է, որ իրականացուցած է Միջազգային ֆինանսական Միութեան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան չափանիշներուն համապատասխան բնապահպանական եւ ընկերային ազդեցութիւններու գնահատում:
«Լիտիան ինթըրնեշընըլ» -ը, որ գրանցուած է Լա Մանշի կղզիներէն մէկուն, իսկ կենտրոնակայանը տեղակայուած է ԱՄՆ-ի մէջ՝ Քոլորատօ նահանգին մէջ, ներդրումներուն մեծ մասը ներգրաւած է անցած տարուան վերջին ուղիղ ամերիկեան ընկերութիւններէն:
Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հովանտ Սթիվընսընը անցած շաբաթ՝ «Ազատութեան», յայտնած էր, որ արդիւնահանումը կը սկսի յաջորդ տարեվերջին, եւ ընկերութիւնը ոսկի կը ստանայ 2018-ի առաջին եռամսեակին:
Բնապահպանները, սակայն, կը կարծեն, որ ծրագիրը հնարաւոր կը դառնայ չեղեալ յայտարարել հանրային բողոքի ալիք բարձրացնելու միջոցով:
«Պէտք է ստեղծուի, ձեւաւորուի քաղաքացիական բողոք, եւ այս քաղաքացիական բողոքի արդիւնքը պէտք է լինի այս ծրագրի չիրագործումը», – «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց «Էկոլուր» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ինգա Զարաֆեան: