Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան Եւ Իսրայէլը Յարաբերութիւնները Կը Բարելաւեն

Թուրքիան Եւ Իսրայէլը Յարաբերութիւնները Կը Բարելաւեն

by MassisPost

Երկու երկրներու միջեւ աւելի քան վեց տարի շարունակուած սառը պատերազմն արդէն անցեալ է

Շաբաթ օր Թուրքիոյ խորհրդարանը քուէներու 209 կողմ 16 դէմ յարաբերակցութեամբ վաւերացուց երկու երկրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած պայմանագիրը:

Ատոր համաձայն Իսրայէլը 20 միլիոն ամերիկեան տոլարի միանուագ փոխհատուցում կը վճարէ 2010-ին` Mavi Marmara նաւու դէմ իրականացուած յարձակման զոհերուն յաջորդներուն:

Իսրայէլցի յատուկ ջոկատայինները 2010-ի Մայիսին գրոհել էին Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող այս նաւը`սպանելով ուղեւորներէն 10-ն: Համաձայնագիրով Թուրքիան նաեւ իրաւունք կը ստանայ սահմանափակ քանակութեամբ օգնութիւն տրամադրել իսլամական «Համաս» շարժման վերահսկողութեան տակ գտնուող Կազայի հատուածի բնակչութեան:

Թուրքիոյ մէջ համոզուած են, որ եկած է երկկողմ յարաբերութիւններու այս սեւ էջը վերջնականապէս թերթելու ժամանակը, զոր ձեռնտու է թէ՛ Անգարային եւ թէ՛ Երուսաղէմին:

«Իսրայէլի անվտանգութիւնը կախուած է Թուրքիայէն: Իսրայէլը շրջապատուած ըլլալով թշնամաբար տրամադրուած բազմաթիւ արաբական, իսլամական պետութիւններով, չի կրնար իրեն թոյլ տալ վատ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ: Բացի այդ Միջերկրական ծովուն մէջ գազի մեծ պաշարներ յայտնաբերուած են, եւ Իսրայէլը կը ցանկայ մասնակցել կենսուժ ակիրներու արդիւնահանման: Իսկ բնական կազի դէպի Եւրոպա արտահանման ամենակարճ եւ անվտանգ ուղին կ՛անցնի Թուրքիայով». – կը յայտարարէր թուրքական խորհրդարանի պատգամաւոր Պուրհան Քուզուն:

Իսրայէլի իշխանութիւններն արդէն իսկ ողջունած են թուրքական խորհրդարանի որոշումը` յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային  յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան նախկին` նախաճգնաժամային մակարդակին:

«Իսրայէլ կ՛ողջունէ թուրքական խորհրդարանին կողմէ կայացուած որոշումը: Մենք կը կարծենք, որ այս յարաբերութիւններուն բարելաւման առաջին փուլն է միայն: Յոյսով ենք, որ շատ շուտով երկու երկրները իրենց դեսպանները կը նշանակեն` համապատասխանաբար Անգարայի եւ Երուսաղէմի մէջ: Այդ թոյլ կու տայ մեզ շարունակական ջանքեր գործադրել երկկողմ յարաբերութիւններ բարելաւելու ուղղութեամբ». – կիրակի օր կը յայտարարէր Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էմանուէլ Նաշոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment