«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդ, որ Ռուսաստան Հայաստան գազատարը պայթեցնել փորձելու կասկածանքով Վրաստանին մէջ հինգ մարդ ձերբակալուած է։ Ռուսական աղբիւրը այլ մանրամասներ չի հաղորդեր։
«Կրուզիա Օնլայն» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Վրաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ ահաբեկչութիւն կազմակերպելու կասկածանքով ձերբակալուել է եօթ մարդ, հինգը՝ Վրաստանի քաղաքացի։ Անոնք կը կասկածին Հայաստանն ու Ռուսաստանը իրար կապող Սակուրամօ գազատարը պայթեցնել փորձելու մէջ։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ձերբակալուածներուն մաս կը կազմէ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան աշխատող մը, որ կը մեղադրուի ահաբեկչական խումբին աջակցելու մէջ։
Ըստ աղբիւրին, Ժինվալի-Շատիլի մայրուղիին մօտ գտնուող անտառային հատուածէն յայտնաբերուած է 4 միաւոր 200 կրամանոց «Թրոթիլ» տեսակի պայթուցիկ նիւթ, 5 պայթուցիչ սարք (տեթոնաթոր)։ Խումբի անդամներուն ինքնաշարժերուն մէջ յայտնաբերուած է զինամթերք, իսկ անդամներէն մէկուն տունէն առգրաւուած է համակարգչային քարտ, ուր նշուած են պայթիւններ իրականացնելու վայրերը։