Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիոյ Իր Քաղաքացիները Կը Զգուշացնէ Չմասնակցիլ Ղարաբաղի 25 Ամեակին Նուիրուած Համագումարին

Թուրքիոյ Իր Քաղաքացիները Կը Զգուշացնէ Չմասնակցիլ Ղարաբաղի 25 Ամեակին Նուիրուած Համագումարին

by MassisPost

mebaciklama

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակին նուիրուած համագումարը Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան արգելքով ծանօթ դարձաւ պոլսահայութեան։

Նախարարութիւնը 10 Օգոս­տո­սին հրա­պարա­կած շրջա­բերա­կանով Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րը կը զգու­շացնէր 15-18 Սեպ­տեմբեր թուական­նե­րուն կա­յանա­լիք հա­մագու­մա­րին չմաս­նակցե­լու մա­սին։

Շրջա­բերա­կանին մէջ գրուած է հե­տեւեալը. «Լսումնե­րու հա­մաձայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնա­մար­զութեան Նա­խարա­րու­թիւնը Ատրպէյ­ճա­նի գրա­ւեալ տա­րած­քի՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան 25 ամեակը խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին հա­մագու­մար մը։ Հա­ւանա­կան հրա­ւէրի մը պա­րագա­յին կը զգու­շացնենք մաս­նակցու­թե­նէն հրաժարելու մա­սին»։

Հա­մագու­մա­րը կազ­մա­կեր­պող Ղա­րաբա­ղի Երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու միու­թեան հիմնադիր Աւե­տիք Յա­րու­թիւնեան այս մա­սին «Ակօս»ին փո­խան­ցեց հե­տեւեալ տե­ղեկու­թիւնը. «Հիմ­նադրու­թեան 25 ամեակին Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի Հան­րա­պետու­թեան հա­տած ճա­նապար­հը, յա­ջողու­թիւննե­րը եւ ան­յա­ջողու­թիւննե­րը քննար­կե­լու հա­մար պի­տի մէկ­տե­ղուինք։ Այս առ­թիւ Ղա­րաբա­ղի երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­նե­րը այլ եր­կիրնե­րէն եկած պաշ­տօ­նակից­նե­րու հետ պի­տի ծա­նօթա­նան եւ կար­ծիքներ պի­տի փո­խանա­կեն։ Հինգ եր­կիրնե­րէ մասնակիցներ ու­նինք, որոնց մէջ թուրքիացի­ներ չկան։ Բայց եթէ ցան­կութիւն ըլ­լայ մենք պատ­րաստ ենք զիրենք ընդունելու»։
«Ակօս»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment