Հինգշաբթի, Օգոստոս 4-ին, Սոցիալ Դեմեկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Համայնքի կեդրոնատեղին: Սոյն պաշտօնական այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը` Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ (Առաջնորդ) ընտրուելուն առթիւ:
Հնչակեան պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի եւ իր գլխաւոր գործակիցներէն Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանի եւ Պրն. Լեւոն Ֆիլեանի կողմէ:
Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Գրիգոր Խոտանեան Կուսակցութեան շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեր. Պերճ Ճամպազեանին, յաջողութիւն մաղթելով իր ստանձնած նոր եւ պատասխանատու առաքելութեան` ազգանուէր ու հոգեւոր ծառայութեանց մարզին մէջ:
Սոյն հանդիպման ընթացքին Պր. Լեւոն Ֆիլեան շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ Հայ Աւետարանակ Եկեղեցիներու Միութեան Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ արտասահմանի հայ գաղութներու մէջ ծաւալուն գործունէութեան մասին: Առաւել հետաքրքրական էին իր տեղեկութիւնները Հայաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ բացուած Հայ Աւետ. Միութեան կողմէ նոր եկեղեցիներու, դպրոցներու, ընկերային եւ մարդասիրական ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ամառնային կազդուրման կայաններու (ճամբար) մասին: Յատկանշական էր Երեւանի արուարձաններէն (Պէնկլատէշ) թաղամսին մէջ կառուցոած արդիական միջնակարգ վարժարան մասին տեղեկութիւները, ուր դպրոցականներուն կը ջամբուի ոչ միայն բարձր մակարդակի ուսում, այլեւ կարիքաւորներուն կը հայթայթուի սնունդ: Իսկ աշխատանքի մէջ եղող ծնողներու զաւակներուն կը տրուի արտահերթ հոգածութիւն մինչեւ երեկոյեան առաջին ժամերը:
Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած իրավիճակն ու արտագաղթը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան վիճակուած դառն ճակատագիրը:
Իրերու ներկայ դրութեան ներքեւ շեշտը դրուեցաւ հայութեան բոլոր հատուածներու միասնութեան, համատեղ ու ներդաշնակ համագործակցութեան վրայ, ի շահ Հայրենիքի եւ արտերկրի մեր ազգի կենսական ծրագիրնեու իրագործման: