«Հայկական ժամանակ» թերթը կը գրէ. «Տեղի ունեցած մի քանի պաշտօնանկութիւններու շարքէն ներս, անշուշտ, կ՛առանձնանայ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հրաժարականի դիմումը: Եթէ ՀՀ ոստիկանութեան կամ Ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պաշտօնանկութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է տեղաւորել վերջին իրադարձութիւններու շրջանակէն ներս, ապա գլխաւոր դատախազի հրաժարականը այդ շրջանակէն ներս, ըստ էութեան, դուրս է:
Դատախազութիւնը, ի տարբերութիւն ոստիկանութեան կամ ԱԱԾ-ի, առանցքային դերակատարութիւն այս չունէր այս փուլէն ներս, եւ ակներեւ թերացումներ, սխալ գործողութիւններ կամ անգործութիւն գտնելը դժուար է, եթէ ոչ անհնար է:
Պաշտօնապէս իր հրաժարականը Գէորգ Կոստանեան պատճառաբանած է առողջական խնդիրներով, ինչ որ գոնէ իր շրջապատին մէջ հիմնաւր չի թուիր: Անոր առողջական վիճակին մէջ, վերջերես, որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած:
Ուղղակի իր շրջապատէն մեզի հասած տեղեկութիւններով, Կոստանեանի հրաժարականն ունի բոլորովին այլ, նոյնիսկ անսպասելի հիմք:
Խնդիրն այն է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ապրանքներ մատակարարող բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ առնուազն երեքը սերտօրէն փոխկապակցուած են Գէորգ Կոստանեանի եւ անոր հարազատներուն հետ: Ապրիլեան պատերազմէն ետք ՊՆ մատակարարումներու ոլորտէն ներս իրականացուած ստուգումներու արդիւնքով, ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, պարզուած է, որ այդ երեք ընկերութիւններու մատակարարումներն իրականացուած են խոշոր չարաշահումներով:
Մեր աղբիւրներու փոխանցմամբ, այդ ընկերութիւնները զբաղ եղած են սննդամթերքի մատակարարմամբ, հիմնականօրէն մսամթերքներ, պահածոներ եւ մաքարոնի տեսակներ: Չարաշահումներէ բացի այդ ընկերութիւնները չեն իրականացուցած նման մատակարարումներու համար ընդունուած հմապատասխան «ստվերային մուծումներ»ը:
Այնպէս, որ, ինչպէս կը պնդեն մեր աղբիւրները, Կոստանեանի հրաժարականի հիմնական պատճառը ուղիղ այս է: Եթէ չըլլային ՊՊԾ գունդի շուրջ յայտնի իրադարձութիւնները, Կոստանեան հրաժարական պիտի տար աւելի ուշ, սակայն օգտագործելով պահը, հրաժարականը տեղի ունեցած է հիմա, ինչ բանով եւ պիտի փորձուի քողարկել իրական պատճառը՝ չարաշահումները ՊՆ-ին իրականացուող մատակարարումներու ընթացքին: Թէ խօսքը որ ընկերութիւններու մասին է եւ ինչ ծաւալի չարաշահումներ եղած են, թերեւս դժուար թէ բացայայտուին յառաջիկային, քանի որ ՊՆ-ի համար կատարուող գնումներու մանրամասնութիւնները կը համարուին պետական գաղտնիք»: