Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերլուծաբանները Թերահաւատ Են Սերժ Սարգսեանի Վերջին Յայտարարութիւններուն Կապակցութեամբ

Վերլուծաբանները Թերահաւատ Են Սերժ Սարգսեանի Վերջին Յայտարարութիւններուն Կապակցութեամբ

by MassisPost

Վերլուծաբան Յակոբ Բադալեանի կարծիքով, նախագահ Սերժ Սարգսեան իրական բարեփոխումներ կատարելու մտադրութիւն չունի, իսկ իշխող համակարգն այն աստիճան սպառած է, որ պարզապէս ի վիճակի չէ բարեփոխումներ կատարելու:

Երկրին մէջ մօտ երկու շաբաթ տեւած ճգնաժամային իրավիճակի հանգուցալուծումէն ետք, Երկուշաբթի օր ելոյթ ունենալով պաշտօնեաներու, քաղաքական ու հասարակական գործիչներու, լրագրողներու առջեւ, նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, թէ «եկել է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը», «ակնյայտ է, որ ներհայաստանեան հասարակական ու քաղաքական կեանքում անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւնների գործընթացը»՝ նպատակ հռչակելով ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն:

«Սերժ Սարգսեանն իր առաջին ելոյթում բացարձակապէս չի խօսում այն համակարգային պատճառների մասին, որոնց պատասխանատուն իշխանութիւնն է: Որեւէ շեշտադրում չկար իշխանութեան պատասխանատւութեան մասով ընդհանրապէս», «Ազատութեան» հետ կատարած զրոյցի ընթացքին յայտնեց Բադալեան:

Անոր խօսքով, իշխանութիւնները, անշուշտ, որոշակի քայլեր կը ձեռնարկեն, սակայն այդ քայլերը կը կրեն ձեւական բնոյթ ու կ’ունենան նախընտրական տրամաբանութիւն՝ յառաջիկային խորհրդարանական ընտրութիւններն են․ – «Եւ այս բոլոր շեշտադրումները վկայում են, որ չկայ էական փոփոխութիւնների մտադրութիւն, չկայ էական փոփոխութիւնների պատրաստակամութիւն: Եւ դա նաեւ զարմանալի չէ, որովհետեւ Հայաստանի իշխող համակարգը սպառւած է ամբողջութեամբ եւ բացարձակապէս ի վիճակի չէ գնալ Հայաստանում որեւէ համակարգային շոշափելի փոփոխութեան, որտեղ առաջնահերթը հասարակութեան եւ պետութեան շահն է»:

Ըստ վերլուծաբանի, իսկութեան մէջ Սերժ Սարգսեանի ուղերձին հասցէատէրը իշխող համակարգն է, որ նկատելիօրէն թուլցած է ապրիլեան պատերազմէն եւ «Սասնա ծռեր»ու գործողութենէն ետք. – «Համակարգը ի մի բերելու փորձ էր այս ելոյթը: Սերժ Սարգսեանը փորձում էր ցոյց տալ, որ տիրապետում է իրավիճակին, որ համակարգը շարունակելու է աշխատել այնպէս, ինչպէս աշխատել է մինչեւ հիմա»:

Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար Մանուէլ Սարգսեան կասկած յայտնեց, որ նոյնիսկ իշխանական համակարգը տեղեակ է, թէ ինչ նոր փոփոխութիւններու, ազգային համաձայնութեան իշխանութեան մասին է խօսքը:

Ան ընդգծեց, թէ բարեկարգութիւններու մասին կարելի է խօսիլ միայն այն ժամանակ, երբ ընտրութիւնները չկեղծուին․ – «Բարեփոխումը այն է, որ պիզնեսը անջատւի քաղաքականութիւնից»,- յայտնեց ան:

Բռնութեան ենթարկուած լրագրողները նախագահին կողմէ իրաւական քայլեր կ՛ակնկալեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment