Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատանդները Ազատ Արձակելէ Ետք «Սասնայ Ծռեր» Խումբը կը Մերժէ Զէնքերը Վար Դնել

Պատանդները Ազատ Արձակելէ Ետք «Սասնայ Ծռեր» Խումբը կը Մերժէ Զէնքերը Վար Դնել

by MassisPost

Էրէբունիի ՊՊԾ կայանին մէջ գտնուող  «Սասնայ ծռեր»  խումբը կը մերժէ յանձնուիլ:  Այսօր  այդպէս յայտատարեց խումբի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան: Ան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց  յանձնուելուն վերաբերեալ շրջան  ընող զրոյցները    անճիշդ  են:  Աւետիսեան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց համար  հիմնական պահանջը կը մնայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանը եւ իրենք   պատրաստ են  զօրանոցին  մէջ մնալ մինչեւ այդ նպատակին իրագործումը:

Աւելի վաղ յայտատարութեամբ մը հանդէս   գալով Արցախի հերոս եւ զինեալ խմբակին ու  օրինապահ մարմիններուն  միջեւ միջնորդի դերով հանդէս եկող Վիթալի Բալասանեան  յայտարարած էր, որ թէ  Ժիրայր Սէֆիլեան  դրական արձագանքած է   զինեալ տղոց զէնքերը վար դնելու խնդրին ու յայտնած, թէ ինք կը հրաժարի հանրապետութեան  նավխագահի հրաժարական պահանջելու  խնդրէն:

Յիշեցնենք, որ աւելի  վաղ   տեղի ունեցած միջնորդութեամբ ազատ արձակուած էին Էրէբունիի զօրանոցի մէջ եղող  վերջին  չորս  պատանդները ու անոնց մէջ էին  գնդապետներ՝ Վալերի Օսիբեանն ու  Վարդան Եղիազարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment