Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Եղած Յեղաշրջման Փորձը Ձեռնտու Էր Թայէպ Էրտողանին

Թուրքիոյ Մէջ Եղած Յեղաշրջման Փորձը Ձեռնտու Էր Թայէպ Էրտողանին

by MassisPost

Սագօ Արեան

Թուրքիոյ  պատմութեան օրագրութեան մէջ    կարեւոր  տեղ կը գրաւեն պետական հարուածները: Քէմալ  Աթաթուրքի ճիգերով հանրապետութեան վերածուած   երկրին մէջ կարեւոր   դեր  ունի  բանակը, որուն   բարձրախաւ  ղեկավարութիւնը    շատ մը պարագաներու   քաղաքական իրավիճակ   փոխելու  կարեւոր    լծակներու կը տիրապետէ:

Կրօնական  հիմքերով հանդէս  եկած եւ շուրջ  12  տարի առաջ իշխանութեան  գլխու  հասած   AKP   («Արդարութիւն եւ զարգացում») կուսակցութեան  հիմնական  խնդիրը  բանակին   ունեցած  առաւելութիւնները  մեկուսացնելն էր:  Ու  հակառակ տարուած  աշխատանքներուն  Էրտողան եւ իր   լծակիցները   տարբեր առիթներով  իրենց   ուսերուն վրայ  կը զգային քէմալական   ուսմունքով   բանակի ղեկավար  դիրքերը գրաւած սպաներուն   «ծանրութիւն»ը:

Այդ մէկը  սոսկական ծանրութիւն մը չէր միայն,  այլ  Քէմալիզմ- իսլամիզմ հակամարտութեան ուրուականն էր, որ  ամէն առիթի կը ճնշէր    սուլթանական    ախորժակներ ունեցող Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը:

Այս բոլորէն  անդին  պէտք է նաեւ նկատի առնել,  որ     շրջանին մէջ   տեղի  ունեցող զարգացումներուն  հետ  Թուրքիան, որ  կը փորձէր արագ շրջադարձ մը ընելով  վերստին իր տեղը գրաւել,  կրնար   շատ մեծ  շփոթ  ապրիլ ներքին դաշտին մէջ  եղած  ցանկացած     ցնցումով:

Նախ  դիտարկենք, թէ  որու համար  ձեռնտու  էր այս «ձախողած» պետական հարուածը:  Ձախողած  բառը  չակերտի մէջ առի  պարզ անոր համար, որ  շատ հաւանական է, որ  խորքային իմաստով այս զինուորական   յեղաշրջման փորձը  սահմանուած դեր մը ունէր, հետեւաբար   անոր «առաքելութիւն»ը աւարտած պէտք է համարել: Վերադառնալով յեղաշրջման փորձին  պէտք է անպայման   ընդգծել, որ  այս փորձը  ծնունդ կ’առնէր բանակի օդային կառոյցներուն  մէջ:  Ու   այս առումով  տեսանելի ապացոյցով մը  պէտք է ճիշդ կարդալ հիմնականին մէջ  ամերիկեան   «Իճիրլիք» օդակայանէն  ելեքդրականութեան    հոսանքի ընդհատումն ու  առժամեայ փակումը:   Անցնող  շաբաթ առաւօտ, երբ բոլոր  լրատուական գործակալութիւնները կը շտապէին  դէպքերուն  ընթացքին զոհուածներուն ու վիրաւորեալներուն  թիւերը  համրել,   Թուրքիոյ  պետական   «աբարաթ»ին մօտիկ համարուող    Daily Sabah-ը  կարճ լուր մը կը  փոախնցէր «Ինճիրլիք»ի փակման մասին: Թրքական  կողմը,  որ   բացայայտօրէն  չէր խօսէր    խարիսխին փակման   պատճառներուն  մասին, անուղղակիօրէն կը յայտնէր, թէ զինուորական ըմբոստութիւն  կատարող    սպաները  ցուցմունքներ ու նաեւ  զինուորական  նեցուկ  ստացած են այդ խարիսխէն:

Այս բոլորին վրայ  պէտք է նաեւ աւելցնել   Էրտողանի եւ  Պարաք Օպամայի  վարչախումբին միջեւ առկայ  տարակարծութիւնները:  Էրտողան, որ ամէն գնով կը փորձէր  քայլ մը առաջ   երթալով Ուաշինկթըն հասնիլ (պատճառաբանելով Մոհամմատ Ալի Քլէյի թաղման ներկայ ըլլալը)    եւ բանակցիլ   Պարաք Օպամայի հետ կը հանդիպէր ամերիկեան  «քարսիրտ» վերաբերմունքին, ու  առանց  դրական  արդիւնքներու կը վերադառնար Անգարա:

Սուրիոյ մէջ  տեղի ունեցող զարգացումներուն ու տարբեր ճակատներու վրայ Էրտողանի  իշխանութեան մօտ համարուող  ընդդիմադիրներուն կրած վնասներուն  հետ   Էրտողան կը հասկնար, որ եկած է  շրջադարձի ժամանակը: Չմոռնանք, որ նախքան  Ուաշինկթըն մեկնիլ Էրտողան   վարչապետ Ահմատ Տաւութողլույի  քարտը այրելով   ամերիկեան  իր գործընկերներուն կարեւոր պատգամ մը  կու տար:

Այս բոլորը կը կատարուէին շատ  արագ:  Թուրքիոյ նախագահը ճանապարհ կը հարթէր    դէպի Թէլ Աւիւ,   լաւ հասկնալով, որ ռուսներուն  հետ լեզու գտնելու միակ  բանալին    Բէնիամին Նաթանիահուն էր: Այդպէս ալ  կը կատարուէր:  Ռուսական կողմին համար եւս  այս  շրջադարձը   կարեւոր էր , ելլլելով  տնտեսական  եւ ռազմաքաղաքական հասկնալի պատճառներէ:

«Զէրօ   հարց հարեւաններու հետ»ը յիշելով  Էրտողան դարակէն կը հանէր   Օսմանեան  կայսրութեան խորամանկ  լեզուն  կը   սկսէր խօսիլ նախ  հրեաներու, ապա ռուսներու   հաճոյ լեզուով մը:

Այս արագ զարգացումներուն դիմաց  հասկնալի կը դառնար, որ Էրտողանի    մօտեցումները հաճոյ պիտի չըլլային ամերիկացիներուն համար:  Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մասնաւորապէս Սուրիոյ հարցերուն  առընթեր Էրտողան  յաճախ «կը ջղայնացնէր»   Օպամայի  բարձրագոյն  պատասխանատուները:

Ուրեմն  հիմա գետինը պատրաստ էր,     դատարկելու համար  բանակի «համբերութեան բաժակ»ը, որ   յորդելու կը մօտենար     քրտական PKK-ի դէմ եղած     կռիւներու ատեն զոհուած  թուրք զինուորներու  թիւին աճին  հետեւանքով:

Կը մնար  գետինը շարժելու    արարքը, որ տարբեր  պատճառներով  սպասելի էր   Թուրքիոյ  բնակչութեան  կարեւոր մէկ տոկոսին համար:   Արտաքին գործօնին  կողքին կար նաեւ ներքին  գործօնը ու Էրտողանի   կատարած քայլերը      իր դէմ եղած  հատուածներուն օղակը    կը դարձնէին աւելի խորունկ:

Այս բոլոր տուեալներու հանրագումարով, էր նաեւ, որ Թուրքիոյ բանակի    բարձրաստիճան սպասներ   15  յուլիսին    տասնեակ զօրանոցներէ  մէջ ապստամբութեան փորձ կը կատարէին:

Վեց  ժամ տեւած  այս    փորձը կը  կը ձախողէր     տարբեր պատճառներով, որոնց ամէնէն հիմնականը բանակին մէջ    հարցին շուրջ առկայ երկուութիւնն էր:  Ըստ  տարբեր վերլուծաբաններու  AKP-ն   իր իշխանութեան վրայ եղած  12 տարիներու  ընթացքին յաջողած էր բանակին մէջ հասցընել   պատկառելի թիւով  սպաներու «բանակ» մը, որոնք բնական  է, որ   ճակատագրական  պահերուն  եւ ամէն գնով պիտի  պաշտպանէին  Անգարայի   շահերը:     Ասոր  հիմնական ապացոյցը բանակի  սպայակոյտի  պետ  Զօրղ Հուլուսի Աքարի  իր գործընկերներուն չենթարկուելու եւ գլուխ բարձրացնելու փաստն էր:Այդ զօրավարն էր նաեւ, որ առաջին  եւ  անսպասելի հարուածը կու տար  անջատողականներուն:    Սպայակոյտի   պետի քայլին կը հետեւէին   այլ սպաներ, որոնք    քիչ մը աւելի հեռուն երթալով կը վճռէին փողոց իջնել  ու պայքարիլ այն ուժերուն դէմ, որոնք աւելի վաղ    տարածուած էին  մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ:

Այս  բոլորը անշուշտ  կը   ներկայացնէին Թուրքիոյ մէջ  եղած ապստամբութեան       ձախողման  պատճառներու տրամաբանական մէկ վարկածը: Այս մօտեցումէն  բացի   գոյութիւն ունի,  նաեւ   այլ   կարեւոր վարկած մը, ըստ որուն այս բոլորը կը կրէին Էրտողանի ստորագրութիւնն ու կնիքը:

 

Այդ մասին  կարելի է խօսիլ  այլ յօդուածով մը:    Մեր մտքերը ամփոփելով պէտք է  դիտարկել, որ այս    ապստամբութիւնը  Թուրքիան  դարձեալ կը հանէր ջուրի երես: Անոր արտաքին  մեծ  սխալները արագօրէն  մէկդի կը դրուէին ու արեւմուտքն ու Մոսկուան կը խօսէին  երկրի   անվտանգութեան  եւ  ցանկացած արիւնհեղութիւնէ   հեռու պահելու մասին:

Թէ ինչ տրամաբանութեամբ կը կատարուէին այս բոլորը  յստակ չէ,  սակայն  բացայայտ  է նաեւ, որ արեւմուտքի եւ նոյնիսկ  Ռուսիոյ համար Էրտողանի  իշխանութեան վրայ մնալը անհրաժեշտութիւն էր: Այդ անհրաժեշտութեան   ամէնէն վառ  ապացոյցը  մինչեւ առաւօտեան ժամերը եղած դէպքերու դիմաց  միջագային կողմերուն պահած  լռութիւնն էր:    Նշենք նաեւ, որ   ամերիկացի ոչ մէկ պատասխանատու  մինչեւ որոշ  ժամանակ կը դատապարտէր  եղածները կամ   կը  քննադատէր  ապստամբութիւն կատարողները:

Թէ ինչ  ընթացք կ’ունենան յառաջիկայ  զարգացումները ցարդ յստակ չէ  պարզ է միայն, որ այսօրուան  դրուածքով Թուրքիոյ մէջ  կը ձեւաւորուի նոր  փուլ մը, որուն  գլխաւոր   «կուրու»ն  Թայէպ Էրտողանն է, իր մշտնջենական սուլթան    ըլլալու    իր հին-նոր  երազով:

Կը յաջողի ան    դժուար է պատասխանել,  սակայն երեւելի է, որ    Էրտողան   կը փորձէ ամէն գնով եղածներէն դրական կէտէր քաղել  ու աւելիով ամրացնել  իր բաւական   թուլացած  դիրքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment