Նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, Շաբաթ 20 Նոյեմբեր, 2010, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մըª Կլենտէյլի Հիլթոն պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որ այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնին առիթով: Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղարաբաղի առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան: Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վազգէն Խոտանեան (ատենապետ), Տօքթ. Արշակ Գազանճեան (՚Մասիսՙի գլխաւոր խմբագիր), Գաբրիէլ Մոլոյեան (նախկին ատենապետ) եւ Միհրան Խաչատուրեան (Վարիչ Մարմնի անդամ):
Վսեմաշուք նախագահը ողջունելէ ետք ներկաները հակիրճ զեկոյց մը տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցնող մէկ տարուան ընթացքին տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրի յառաջընթացը խոչընդոտող էական հարցերուն մասին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սրտաբաց զրոյց, որու ընթացքին խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան սահմանամերձ գիւղերու ջրամատակարարումը, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, արտագաղթը, Հայաստան-Արցախ փոխ-յարաբերութիւնները, պաշտպանական բանակի իրավիճակը, Արցախի հիմնահարցի լուծման զարգացումներն ու երկիրը յուզող այլ կենսական հարցեր:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող վերոյիշեալ հանդիպումն անցաւ փոխադարձ հասկացողութեան, անկեղծ եւ շինիչ մթնոլորտի ներքեւ: Հրաժեշտ առնելէ առաջ Ս. Դ.Հ.Կ.ի ներկայացուցիչները իրենց ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ հոգեւոր առաջնորդ Գերշ. Պարգեւ Սրբազանին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Armenian Students Win Gold and Two Bronze Medals at the 36th International Biology Olympiad

YEREVAN — Armenia’s student team won one gold and two bronze medals…

NAASR and Matenadaran to Partner on Programming

BELMONT — The National Association for Armenian Studies and Research (NAASR) and…

European Weightlifting Championships: Armenia Finish 3rd in Medal Standings

MOSCOW — Armenia’s team took third place in the medal standings at…

Holy Mass Celebrated at Armenian Church on Akhtamar Island

VAN. – Hundreds of Armenians from all around the world attended the…