Ճակատագրական պահերուն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ պատերազմ ու կը գտնուի ողբերգական վիճակներու առջեւ, հայութիւնը Հայրենիքի մէջ ու սփիւռքի տարածքին կը միասնանան ու մէկ բռունցք կը կազմեն, պաշտպանելու համար իրենց ազգակիցները եւ օգնութեան ձեռք երկարելու Հայաստանի եւ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ցոյց տուած ենք ենք, որ մենք տոկուն ենք ու պատրաստª յաղթահարելու դարերու վրայ երկարող հալածանքները, պատերազմները եւ ցեղասպանութիւնը:

Այսօր մեր ժողովուրդը կը գտնուի հսկայ մարտահրաւէրներու առջեւ հասնելու համար ժողովրդավարութեան եւ բարօրութեան:

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութենէն ասդին Հայութիւնը միլիոնաւոր տոլարներու օժանդակութիւն հասցուց Արցախին, որպէսզի վերականգնուին ենթակառոյցները, երիտասարդները ստանան բարձրորակ ուսում յարմարաւէտ պայմաններու մէջ, հիւանդանոցները պատշաճ առողջապահութիւն ապահովեն ժողովուրդին, ունենան մշակութային կեդրոններ եւ օժտուին ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեամբ, որ ծառայէ ժողովուրդին:

Այսօր, Արցախի կառոյցները եւ պարզ քաղաքացիները կ°ենթարկուի յարձակումիª Ալիեւի բռնապետութեան ու անոր մինչեւ ատամները զինուած բանակին կողմէ:

Հայ զինուորներ եւ անմեղ քաղաքացիներ զոհ գացին պաշտպանելով մեր պապենական հողերը, իսկ ուրիշներ տակաւին կը մնան անյայտ:

Թէեւ մենք ի վիճակի չենք որպէս զինուորներ պայքարելու անոնց ազատութեան համար, սակայն մենք ի վիճակի ենք նիւթապէս օգնելու, որպէսզի անոնք կարողանան պաշտպանուիլ ու դիմակալել թշնամիին:

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը, անկախ գումարի չափէն, մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ անոնց, որոնք տուժեցին ազերի յարձակումներու ընթացքին:

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կոչ կ°ուղղէ սփիւռքահայութեան, օժանդակելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք այսօր կարիքը ունին ձեր օգնութեան:

Միասնաբար կրնանք երաշխաւորել մեր քոյրերու եւ եղբայրներու ապահովութիւնը:

Միասնաբար կրնանք վերակառուցել Արցախը:

Կը խնդրենք սեղմել այստեղª կատարելու համար ձեր նիւթական օժանդակութիւնը:




Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

MP Selina Dogan Commemorates Feminist Armenian Women in the Turkish Parliament

ISTANBUL (Agos) — CHP Istanbul MP Selina Dogan commemorated Armenian writers and…

David Babayan: No Alternative to Recognition of NKR Independence

STEPANAKERT — David Babayan, the head of the press service of the…

Armenian-American Democrat Sara Gideon Wins Primary in Maine

Washington D.C. – Sara Gideon, an Armenian-American politician has won the Democratic…

Hrant Dink Murder Trial Takes New Turn

Court to focus on ‘criminal organization’ claims ISTANBUL — The trial into…