Քալիֆորնիոյ հայ քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիքը, սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կու գայ յայտարարելու Քալիֆորնիոյ հայկական գաղութին, թէ վարժարանը WASC-ի (The Western Association of Schools and Colleges) կողմէ պաշտօնապէս վարկաւորուած յայտարարուեցաւ, ըստ Քալիֆորնիոյ ուսումնական ծրագիրին։
Արդարեւ, Անարատ յղութեան միաբանութեան վարժարաններու ցանցին պատկանող Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանը, հպարտութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց WASC-ի Յուլիս 7 թուակիր նամակը, ուր պաշտօնապէս կը յայտարարուէր, որ վարժարանս, Յուլիս 2010էն մինչեւ Յունիս 30, 2016, վարկաւորուած է՝ ամբողջացնելով Քալիֆորնիոյ նահանգի ուսումնական ծրագիրի անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։
Այս յայտարարութիւնը հիմնուած է WASC-ի քննիչ յանձնախումբի երրօրեայ այցելութենէն փխած մանրակրկիտ տեղեկագիրին վրայ։
WASC-ի այցելու յանձնախումբը՝ բաղկացած 3 անդամներէ, Ապրիլ 2010ի երրորդ շաբաթը այցելութիւն մը տուաւ վարժարանիս, հանդիպումներ ունեցաւ ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, տնօրէնութեան, աշակերտութեան ու բոլոր յանձնախումբերուն հետ: Այլ խօսքով, յանձնախումբը երեք օրեր մասնակցեցաւ վարժարանի առօրեայ կեանքին եւ այցելութեան աւարտին՝ մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցաւ վարժարանէն։
Հիմնուելով այցելու յանձնախումբի տեղեկագիրին վրայ՝ WASC-ը կը շնորհաւորէ եւ կը գնահատէ վարժարանի երամեայ հետեւողական եւ աչալուրջ աշխատանքը, ամբողջացնելու համար Քալիֆորնիոյ կրթական համակարգի համապատասխան կրթական ծրագիրի պայմանները, եւ մաս կազմելու WASC-ի կողմէ վարկաւորուած վարժարաններու ցանցին, միաժամանակ վարժարանը հասցնելով նահանգին կրթական մակարդակի պահանջուած չափանիշներուն։
Նաեւ, WASC-ը կը քաջալերէ վարժարանի անձնակազմը՝ շարունակելու աշխատանքը նոյն թափով, հետեւելով տեղական կրթական մակարդակի յառաջխաղացքին, ժամանակին հետ քայլ պահելու իմաստով։
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ վարժարանի ծնողները, աշակերտութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ բոլոր յանձնախումբերը եւ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլորին, իրենց բերած ներդրումին համար, քաջ գիտակցելով, որ ձեռք ձգուած յաջողութիւնը արդիւնքն էր հետեւողական համերաշխ եւ անշահախնդիր աշխատանքին, որուն մէջ իւրաքանչիւր անհատ թէ յանձնախումբ, իր կարելին չզլացաւ՝ ի շահ վարժարանի վերելքին։
Բոլորին վարձքը կատար
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Action Alert: Support the Hayastan All-Armenian Fund\’s Telethon 2014 on Thanksgiving Day, November 27

Dear Compatriots, On behalf of the Nagorno Karabakh Republic, Artsakh, the NKR…

$31 Million Raised for Armenia & Artsakh

Fundraising for Armenia Fund Telethon 2011 concluded Wednesday evening with an announcement…

Exhibition on Irish High Crosses and Armenian Khachkars Opens in Dublin

DUBLIN — An exhibition exploring the similarities between Irish High Crosses and…

SARF’s Special Public Gathering Draws Together Community

BURBANK — Over 250 community members attended the Syrian Armenian Relief Fund’s…