Special Post in Armenian: ՊՈԼԻՍ 2013 ՔՍԱՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆՄԱՀԱՑԱՆ

Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, այսօր յետ միջօրէի ժամը 3-ին, ժողովրդային հաւաքով կը նշուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Քսան անմահ կախաղաններու նահատակութեան 98 ամեակը: 1915 թուականի Յու նիս 15-ին, գրեթէ իր տեսքով անփոփոխ մնացած հրա պարա կին վրայ կախաղան բարձրացան Հնչակեան կուսակցութեան քսան ղեկավարներ, որոնք իրենց գաղափարախօսութեամբ ու աշխատանքով հիմը դրած էին ազատ, արդար եւ ընկերվարա կան շրջանակի: Անոնց նահատակութենէն 98 տարիներ ետք, խումբ մը թուրք գործիչներ իրենց պարտականութիւնը համարած են յիշել Հնչակեան ղեկավարներուն աւանդը եւ մեծարել անոնց` մարդկային արժէքներու ապահովման ուղղութեամբ տարած պայքարը:

Պայազիտ հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ձեռնարկը մաս կը կազմէ Քսաններու յիշատակի ոգեկոչման ընդհանուր ծրագրին, որուն առաջին հանգրուանը` Ճեզայիր կեդրոնին մէջ կազմակերպուած երեկոյթն էր:
Ներկայութեամբ թուրք, հայ եւ օտար մասնակիցներու, Ճեզայիրի սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները զրուցեցին եւ քննարկեցին քսաններուն եւ անոնց կուսակցութեան` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, աշխատանքերուն եւ պայքարի ուղեգիծին մասին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախաձեռնող մարմնի անդամ Ֆիրտեւս Փերիլօլուն, որ ներկայացուց հանդիսութեան նպատակը, քսան կախաղաններու պատմականը, ինչպէս նաեւ մասնակից բանախօսները: Անոր խօսքը ընդմիջեց ներկաներէն մէկը եւ խնդրեց, որ բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն քսան յեղափոխականներուն յիշատակը: Այդպէս ալ պատահեցաւ:
Յայտնի մտաւորական եւ հրապարակիչ Ռակըփ Զարաքօլու մանրամասնօրէն ներկայացուց Հնչակեան կուսակ ցութեան կարեւոր ներդրումը` Օսմանեան կայսրութեան մէջ ընկերվարական շարժումի ձեւաւորման հարցին մէջ: ՙԿուսակցութեան առաջնորդներէն Փարամազը շատ հետաքրքիր կերպար էր եւ խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ու ազդեցութիւն ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան ընկերվարակա շարժումի ձեւաւորման գործին մէջ: Ան մեծ ազդեցութիւն ձգած է ոչ միայն օսմանեան ընկերվարականներու, այլ նաեւ հայ համայնքի վրայ՚, ըսաւ մտաւորականը: Զարաքօլու յիշեցուց, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ առաջին ցոյցը կազմակերպուած էր Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ` Գում Գափուի մէջ:

Բանախօս Մասիս Քիւրքճիւկիլ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան` վերջին տասնամեակներուն վարած քաղաքականութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը, Օսմանեան պետութեան բացասական վերաբերմունքը քաղաքական կուսակցութիւններուն, յատկապէս` ձախակողմեան քաղաքական ուժերուն նկատմամբ:

Հանդիսութեան ընթացքին, Ֆիրտեւս Փերիլօլու ընթերցեց հանդիսութիւնները նախաձեռնողներէն Սարգիս Հացպանեանի ուղերձը, որուն մէջ Հացպանեան կը կարեւորէ քսաններու առաքելութիւնը: Ան արդէն քանի մը տասնամեակի հնարաւորութիւն չունի այցելել Թուրքիա, հետեւաբար չէր կրցած մասնակցիլ հանդիսութիւններուն:

Թուրք յայտնի ընկերվարական գործիչ Մուսթաֆա Քահիա խիստ քննադատեց ոչ միայն Օսմանեան կայսրութիւնը, այլ նաեւ հանրապետական Թուրքիան, Ցեղասպանութիւնը իրականացնելու եւ այդ փաստը ժխտելու համար: Անոր խօսքով, ժխտումի պատճառաբանութիւնները եւ թեզերը բոլորովին դատարկախօսութիւն են եւ ստոր կեղծիք: Քահիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց առերեսուիլ իր պատմութեան հետ, ճանչնալ Ցեղասպանութեան փաստը եւ ներողութիւն խնդրել հայերէն: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ է հայ սերունդներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութիւն տալ եւ վերականգնել անոնց իրաւունքները: Քահիա նաեւ կարեւորեց Փարամազի եւ Հնչակեան կուսակցութեան դերը, Օսմանեան կայսրութեան ու հանրապետական Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հաստատումի ու տարածումի հարցին մէջ:

Բանախօսներու ելոյթներէն ետք, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ուղերձը ընթերցեց կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալէքսան Քէօշկէրեանը (ուղերձը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ): Ան մեծապէս ողջունեց նախաձեռնող խմբակին մտայղացումը եւ կոչ ուղղեց զարգացնելու յարաբերութիւնները, յանուն մարդկային արժէքներու յաղթանակին: Ընկ Քէօշկէրեանի ուղերձը արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափողջիւններուն եւ գնահատանքին:

Հանդիսութեան աւարտին, իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին շատ մը ներկաներ: Անոնք մասնաւորապէս գնահատեցին Հնչակեան կուսակցութեան անցեալի ու ներկայի գործունէութիւնը, մասնաւորապէս ողջունելով կուսակցութեան անմիջական մասնակցութիւնը` Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:

 

 

 

MassisPost

Share
Published by
MassisPost
Tags feature

Recent Posts

Katia Kermoyan-Khodanian’s Visit to YSU: Preserving the Memories of an Armenian Genocide Survivor for Future Generations

YEREVAN -- On September 29, 2026, Katia Kermoyan-Khodanian, who had arrived in Armenia from the…

12 hours ago

Artur Davtyan Wins Second World Gymnastics Title in Vault

ROTTERDAM, Netherlands — Armenian gymnast Artur Davtyan captured his second career world championship title in…

13 hours ago

Armenia’s Nare Wins Junior Eurovision 2026 with “BOO!”

MALTA — Armenia claimed first place at the Junior Eurovision Song Contest 2026 on October…

1 day ago

Consulate General of the Republic of Armenia in Los Angeles Issues Statement on False Social Media Claims

GLENDALE -- The Consulate General of the Republic of Armenia in Los Angeles has issued…

1 day ago

The Scrutiny Aliyev Rejects

By BERGE JOLOLIAN A confidence-building summit is an unusual place to taunt prisoners. Yet at…

2 days ago

Armenian Gymnast Hamlet Manukyan Wins World Championship Gold; Two Teammates Claim Bronze

ROTTERDAM -- Armenian gymnast Hamlet Manukyan has been crowned world champion in the pommel horse…

2 days ago