ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌԱԳՐԻ ՄԸ ՆՄԱՆԱՏԻՊԸ (FACSIMILE) ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԷ

Մխիթարեան Միաբանութիւնը 2011 թուականին կը տօնէ իր Վիեննա հաստատուելու 200-ամեակը:
Այդ առիթով Վիեննայի մէջ Մայիսին եւ Երեւանի մէջ Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան զանազան հանդիսութիւններ` Ս. պատարագ, գիտաժողով, ցուցահանդէս, եւն., երկու քաղաքներուն մէջ ալ լոյս պիտի տեսնեն դրոշմաթուղթեր եւ յուշամետալներ:
Նոյն առիթով Միաբանութիւնս ծրագրած է լոյս ընծայել նաեւ իր թանկագին ձեռագիրներէն մէկուն` թիւ 543-ի նմանատիպը (facsimile):
Ձեռագիրը կիլիկեան մանրանկարչութեան գլուխ-գործոցներէն է, գրուած Խրիմ, Ս. Անտոն վանքին մէջ, 1432-ին, եւ կը բովանդակէ Ներսէս Շնորհալիի քանի մը գրութիւնները` գլխաւորութեամբ ՚Յիսուս Որդիՙ ողբերգութեան:
Ձեռագիրը ունի ՚11 ամբողջական էջով մանրանկարներ, 11 բնագրին մէջ զետեղուած մանրանկարներ, 24 լուսանցքի վրայ մանրանկարներ, 3 խորան, 3 կիսախորան, եւ կենդանակերպ եւ բուսական զարդեր ու զարդագրեր: Իբր ամբողջական պատկեր դիտուած` ձեռագիրը կը ներկայանայ որպէս շքեղ մատենիկ մը` նուրբ եւ քնքուշ գեղեցկութեամբՙ (Հ. եւ Հ. Բուշհաուզէն):
Աւելի մանրամասնութիւններ, մանրանկարչութենէն պատկերներ եւ նմանատիպը գնելու պայմանները կարելի է տեսնել համացանցի մէջ` www.faksimileworld.com, հայերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Նմանատիպի համար կանխիկ վճարողները կը ստանան նաեւ բացառիկ գին: Այդ բացառիկ գինի համար նախապէս որոշուած ժամանակը երկարաձգուած է մինչեւ տարեվերջ:
Հայ արուեստի եւ գրքի սիրահարներուն համար սոյն նմանատիպը պիտի ըլլայ իսկապէս մնայուն վայելք, կամ մասնաւոր բարեկամի մը տալու համար` մեծարժէք նուէր:
MassisPost

Share
Published by
MassisPost

Recent Posts

Peace Cannot Depend on Aliyev’s Restraint

By BERGE JOLOLIAN Ilham Aliyev’s latest lesson in peace leaves out the people who lost…

1 day ago

Cornell Professor Lori Khatchadourian to Discuss Cultural Heritage Destruction in Nagorno-Karabakh at University of Michigan

ANN ARBOR, MI — Cornell University Professor Lori Khatchadourian will deliver a lecture titled “Heritage…

1 day ago

Rubinyan Urges Opposition to Allow Constitutional Referendum and Lead ‘No’ Campaign

YEREVAN — Armenian National Assembly Speaker Ruben Rubinyan has urged opposition lawmakers not to obstruct…

1 day ago

Erdoğan Reaffirms Turkey’s Support for Armenia–Azerbaijan Normalization Process

ANKARA -- Turkish President Recep Tayyip Erdoğan has reaffirmed Ankara’s support for the ongoing normalization…

1 day ago

Armenian Lawmaker Calls on Male MPs to Apologize to Female Colleagues Following Parliamentary Brawl

YEREVAN — Civil Contract parliamentary faction member Nazeli Baghdasaryan has called on male lawmakers who…

1 day ago

NAASR Announces Winners Of 2026 Dr. Sona Aronian Armenian Studies Book Prizes

BELMONT, MA -- The National Association for Armenian Studies and Research (NAASR) is pleased to…

1 day ago