Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններու շրջագիծէն ներս, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան` Մարի Եովանովիչ Հոկտեմբեր 12-ին Կլէնտէլի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներու փոխանակութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վերահաստատման, Արցախի հարցի լուծման եւ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու շուրջ:
Հնչակեան ներկայացուցիչները յայտնեցին որ, որպէս Ամերիկահայեր Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կ’ակնկալեն աւելի խստապահանջ կեցուածք` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն նկատմամբ, առաջին հերթին պահանջելով քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը:
Պատուիրակութեան անդամները կարեւորեցին Հայաստանի մէջ ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը, զորս անկարելի համարեցին առանց ազատ հեռուստամիջոցներու գոյութեան: Հետեւաբար, մինչեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները ՙԱ1+՚ անկախ հեռատեսիլի ընկերութեան եթեր վերադարձը խիստ անհրաժեշտ է:
Հնչակեան ներկայացուցիչները նաեւ տարակուսանք յայտնեցին այն մասին, որ Միացեալ նահանգներու Պետական Քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն, անցեալ Յունիսին Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում չունեցաւ ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու հետ, թիւր տպավորութիւն ստեղծելով ե’ւ իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիր հասարակութեան մօտ:
Այս հարցերու շուրջ դեսպան Եովանովիչ տուաւ սպառիչ պատասխաններ, յատկապէս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման հարցով հետեւողական են եւ շատ աւելին կ’ընեն, քան ծանօթ է հանրութեան:
Արցախի հարցի լուծման նպատակով ներկայացուող առաջարկներու կապակցութեամբ` պատուիրակութիւնը դեսպանին դիտել տուաւ, որ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին: Այս առումով, Արցախի ներկայացուցիչներու վերադարձը բանակցութիւններու սեղան անհրաժեշտ համարեց:
Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու ներկայ հանգրուանի վերաբերեալ պատուիրակութեան անդամները մատնանշեցին Թրքական իշխանութիւններու անազնիւ եւ անլուրջ մօտեցումը հարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, որ աւելի խորացուց անվստահութեան մթնոլորտը£ Անոնք գտան որ, երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման ամենաարդիւնաւէտ միջոցը` Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Իր կարգին, դեսպան Մարի Եովանովիչ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կը քաջալերեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան շարունակումը առանց նախապայմաններու:
Դեսպան Եովանովիչ նաեւ հետաքրքրուեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեան ընդհանուր գործունէութեամբ եւ բարձր գնահատեց կուսակցութեան վերջին տասնամեակի հետեւողական կեցուածքը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու հաստատման գործին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

ECHR Holds Azerbaijan Responsible for Killing and Torture of Armenian Soldier During April 2016 Hostilities

STRASBOURG  — The European Court of Human Rights (ECHR) has ruled that…

Arthur Sargsian’s Last Letter: Accuses Judge and Special Investigative Service Representative of his Death

YEREVAN (Arminfo.am) — “Food Bringer” Arthur Sargsian, who died on March 16,…

Dr. Garbis Der-Yeghiayan Memorial Peace Garden Unveiled

LA VERNE — On Saturday, June 11th, 2022, the Rotary Club of…

Golden Apricot 13th IFF to Be Dedicated to 25th Anniversary of Armenia’s Statehood

YEREVAN (Armradio) — The Golden Apricot 13th International Film Festival will be…