Categories Commentary

ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՅ – ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Ճիշդ տարի մը առաջ` 2009-ի Հոկտեմբեր 10-ին Զիւրիխի մէջ ստորագրուեցան հայ-թրքական երկու Արձանագրութիւններ, նպատակ ունենալով բարելաւել երկու դրացի երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ու բանալու համար երկար տարիներէ ի վեր փակ եղող սահմանը: Զուիցերիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցած երկարատեւ ու գաղտնի բանակցութիւններու արդիւնքը եղող փաստաթուղթերու հրապարակ գալէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի ու սփիւռքի տարածքին յառաջացաւ հսկայ փոթորիկ: Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Հայաստանի գործող նախագահը շրջագայութեան ելաւ սփիւռքի հայաշատ կեդրոնները` Փարիզ, Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ այլուր, բացատրելու եւ համոզելու համար, որ Արձանագրութիւնները կը բխին Հայաստանի շահերէն: Սակայն, հայ ժողովուրդը աւելի իրատես գտնուելով ու մանաւանդ վերյիշելով Թուրքիոյ հետ իր ունեցած ու դարերու վրայ երկարող անցեալի փորձը, մնաց անդրդուելի` իր սկզբունքային մերժումին վրայ, Արձանագրութիւններուն մէջ տեսնելով ոչ միայն Հայաստանի ապահովութեան սպառնացող դրոյթներ, այլ նաեւ, ոտնահարում` Հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն:
Ահաւասիկ տարի մը ետք, Արձանագրութիւնները կը մնան չվաւերացուած ու սառած վիճակի մէջ: Թուրքիա առաջին վայրկեանէն իսկ, Հայաստանի առջեւ դրաւ այնպիսի նախապայմաններ, որոք չէին կրնար ընդունելի ըլլալ Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան համար, մեկնելով այն իրողութենէն, որ նախապայմաններու ընդունումը ու այդ ուղղութեամբ կատարուած նուազագոյն զիջում, համազօր պիտի ըլլար քաղաքական ինքնասպանութեան:
Առանց իր ժողովուրդի թիկունքը վայելելու ճամբայ ելած Հայաստանի իշխանութիւնները, անցնող մէկ տարուայ ընթացքին ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ եւ հաւանաբար նոյնը շարունակուի տեսանելի ապագային:
Այս օրերուն, Արձանագրութիւններու ստորագրման առաջին տարելիցի առթիւ լռութիւն կը պահէ Սերժ Սարգսեան, նոյնիսկ նուազագոյն ըսելիք չունենալով ու բացատրութիւն զլանալով իր քաղաքացիներուն:
Սակայն, Արձանագրութիւններէն տարի մը ետք մեր բոլորի առջեւ ցցուող հարցը հետեւեալն է. Ինչ շահեցաւ Հայաստանը որպէս երկիր ու ինչ ձեռք ձգեց Թուրքիան: Այս հարցը քաղաքական շրջանակներու կողմէ լայն քննարկման առարկայ է այս օրերուն եւ գրեթէ ընդհանուր տպաւորութիւնը եւ եզրակացութիւնը այն է թէ, Թուրքիա հասաւ իր շատ մը նպատակներուն, իսկ Հայաստան չկարողացաւ ապահովել այն ինչ` որուն կը ձգտէր:
Արձանագրութիւններու ստորագրման պաշտօնական արաողութեան պահուն իսկ, Թրքական կողմը ներկայացուց իր առաջին նախապայմանը` փաստաթուղթերու վաւերացումը կապելով Ղարաբաղեան հարցի գծով յառաջընթացով: Թուրքիա կը պահանջէր հայկական կողմէն զիջումներ` ի նպաստ Ատրպէյճանի: Թէեւ, ան չկարողացաւ ձեռք ձգել իր ակնկալած զիջումները, սակայն այդ Արձանագրութիւններուն շնորհիւ Թուրքիա դարձաւ կարեւոր դերակատար, ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացէն ներս, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս: Այս իրողութեան հետ հաշտուած են արդէն Մինսկի խումբի միջնորդները, որոնք մնայուն խորհրդակցութիւններու կÿունենան Թուրքիոյ հետ, իրենց յաջորդական քայլերը ճշդելու եւ կամ ղարաբաղի տագնապի լուծման նոր առաջարկներ ներկայացնելու ընթացքին:
Թուրքերը հասան նաեւ իրենց երկրորդ նպատակին, խոչընդոտելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային հանրութեան ու առաջին հերթին Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Այսօր անժխտելի իրականութիւն է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձած է պատանդ այդ արձանագրութիւններուն եւ շատ հեշտութեամբ կ’օգտագործուի Թուրքիոյ կողմէ, կասեցնելու համար որեւէ նախաձեռնութիւն Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ կամ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին:
Հայկական դիւանագիտութեան ձախողութեամբ ու գործած բազմաթիւ սխալներուն պատճառաւ, Թուրքիա հասաւ իր գլխաւոր նպատակներուն, առանց բանալու սահմանը ու դիւանագիտական յարաբերութիւննր հաստատելու Հայաստանի հետ: Այսպիսով ան գոհացում տուաւ նաեւ իր ազգակից ու դաշնակից Ատրպէյճանին, որ կ’ընդդիմանայ Հայ-թրքական սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման:
Հակառակ տիրող կարծիքին, որ Հայաստան շատ բան տուաւ այս մէկ տարուայ ընթացքին, փոխարէնը չստանալով ոչինչ, իշխանութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ ամբողջ աշխարհին հայկական կողմը ապացուցեց իր բարի կամեցողութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` լուծելու Թուրքիոյ հետ իր հարցերը:
Արձանագրութիւններէն մէկ տարի անց, ժամանակն է որ Հայաստանի իշխանութիւնները անդրադառնան, որ մեծ պետութիւններու թելադրանքով շարժելու ուղղին հեռանկար չունի եւ ժամանակն է չեղեալ յայտարարել զանոնք ու Թուրքիոյ հետ սկսելու համար բանակցութիւններու, որուն մասնակից դարձնելով նաեւ սփիւռքահայութիւնը, որ իրաւատէրն է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ իր խօսքը ունի ըսելիք, այդ հարցի վերաբերող բոլոր տասակի համաձայնութիւններուն շուրջ:

MassisPost

Share
Published by
MassisPost

Recent Posts

Armenia Does Not Owe Russia Its Sovereignty

By BERGE JOLOLIAN A protector should not threaten the country it claims to protect. Yet…

2 days ago

Addressing the Third Global Armenian Summit, Pashinyan Says Reliance on Foreign Security Guarantors Has Repeatedly Ended in Disaster

YEREVAN -- Prime Minister Nikol Pashinyan has warned against relying on foreign powers to guarantee…

2 days ago

Armenia’s Natural Gas Prices to Remain Unchanged Until March Unless Extraordinary Developments Occur

YEREVAN -- Armenia’s natural gas tariffs for consumers will remain unchanged at least until March…

2 days ago

Armenian Products Enter New Markets Amid Russian Trade Restrictions, Economy Minister Says

YEREVAN -- Armenia has expanded its export markets in response to trade restrictions imposed by…

2 days ago

Vladimir Vardanyan Elected President of Armenia’s Constitutional Court

YEREVAN -- Vladimir Vardanyan, a former lawmaker from Armenia’s ruling Civil Contract party and a…

2 days ago

Pashinyan: Armenia Not Planning to Leave Eurasian Economic Union, Says Ties With CSTO Have Run Their Course

YEREVAN — Prime Minister Nikol Pashinyan said on November 5 that Armenia has no plans…

3 days ago