ԱՄՆ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող գործարար եւ TRIPP+ հիմնադրամի ղեկավար Քոնսթանթին Սոքոլովը խօսած է Հայաստանի Թեղուտի պղինձ-մոլիպտէնի հանքավայրը ձեռք բերելու եւ զայն շահագործելու ծրագիրներուն մասին։
Սոքոլով այս մասին խօսած է Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր գործունէութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներուն։
Սոքոլով ընդգծած է, որ Թեղուտի հանքավայրի վերագործարկումը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական աճին եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման։
Bloomberg, գործարարին հետ հարցազրոյցը ներկայացնող հրապարակման մէջ, ընդգծած է, որ Թեղուտի հանքավայրի արտադրանքին մեծ մասը ներկայիս կ՚արտահանուի Չինաստան։ Սոքոլով հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Դեկտեմբերին նախատեսուած է նոր առեւտրային պայմանագիրներու միջոցով այդ արտահանումները ուղղել դէպի Միացեալ Նահանգներ։
«Մենք կը փափաքինք հասնիլ այնպիսի հանգրուանի մը, ուր Թեղուտի հանքավայրը կարենայ մրցակցիլ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ կայուն արժէք ստեղծել տեղական համայնքին համար։
Այս գործարքին գլխաւոր նպատակներէն մէկը Հայաստան-ԱՄՆ գործընկերութեան ամրապնդումն է», ըսած է Քոնսթանթին Սոքոլով։
Սոքոլով կարեւոր համարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը՝ նշելով, որ անիկա բացառիկ եւ շրջադարձային իրադարձութիւն մըն է տարածաշրջանին համար։
«Ես մեծ հետաքրքրութիւն ունիմ գործունէութիւնս ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ընդլայնելու, որովհետեւ միշտ խորապէս հաւատացած եմ այստեղ գոյութիւն ունեցող ներուժին։ Միացեալ Նահանգները վստահութիւն յայտնած է իմ փորձառութեանս եւ անցած ուղիիս հանդէպ՝ զիս նշանակելով 201 միլիոն տոլար դրամագլուխ ունեցող Trans-Caspian Enterprise Fund-ի (Անդրկասպեան Ձեռնարկատիրական Հիմնադրամ) ղեկավար։
Հիմնադրամը կեդրոնացած է տարածաշրջանին մէջ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ մասնաւոր հատուածի զարգացման ծրագիրներուն վրայ։ Ասոնց շարքին են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Թրամփի ուղի» ենթակառոյցը եւ աւելի լայն՝ Անդրկասպեան առեւտրական ուղին, որ Կեդրոնական Ասիան կը կապէ Հարաւային Կովկասին եւ համաշխարհային շուկաներուն հետ», ըսած է Քոնսթանթին Սոքոլով։
Յիշեցնենք, որ «Թեղուտ» ՓԲԸ-ն Սեպտեմբերին յայտարարած էր, թէ հանքավայրին նոր սեփականատէրը՝ ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած Dynamic Frontier Holdings LLC ընկերութիւնը, կը նախատեսէ շարունակել Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ պղինձի հանքավայրին շահագործումը՝ միաժամանակ ներդրումներ կատարելով արդիականացման ուղղութեամբ։ Այս քայլերուն նպատակն է ապահովել երկարաժամկէտ օգուտներ Հայաստանի բնակչութեան համար եւ խթանել տնտեսական աճը։


