TRIPP ծրագրի շուրջ Իրանի մտահոգութիւններուն վերաբերեալ հայաստանեան որոշ լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւնները էականօրէն ուռճացուած են եւ հեռու իրականութենէն։ Հոկտեմբեր 16-ին COP17-ի շրջանակին մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտորի նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Իրանական կողմում, անշուշտ, կան հարցեր, այդ հարցերին պատասխանները տրուել են։ Իրանական կողմը, իմ տպաւորութեամբ, այս ընթացքով բաւարարուած է։ Էլի հարցեր ունի, օրինակ, իրանական կողմն ասում է՝ լինելո՞ւ է ամերիկեան զինուած ներկայութիւն TRIPP-ի երկայնքով, ասում ենք՝ չի լինելու, թղթերն այդ մասին են վկայում, իրականութիւնն այդ մասին է վկայում։ Այսինքն՝ բնական է, որ իրենք այդ հարցն ունեն, մենք էլ այդ հարցի ճիշդ պատասխանը տալիս ենք»,- ըսած է Միրզոյեան։
Լրագրողի դիտարկման, որ Իրանէն երբեմն յայտարարութիւններ կը հնչեն, ըստ որուն՝ երրորդ կողմի ներկայութիւնը կրնայ ապակայունացնել տարածաշրջանը, Միրզոյեան նշած է, որ այդ դասագրքային ճշմարտութիւն է, եւ ով ինչ գիտէ, թէ այդ յայտարարութեամբ Իրանը ի՞նչ նկատի ունի։
«Ընդհանրապէս, կարծում եմ, դասագրքային ճշմարտութիւն է, որ արտաքին երրորդ կողմի զինուած ներկայութիւնը մէկ այլ տեղի երկուսի յարաբերութիւններում միայն բարդացնելու է այն երկուսի կեանքը։ Ես էլ կարող եմ դա իմ անունից ասել, դուք ի՞նչ գիտէք, ես ինչ նկատի ունեմ կամ դուք ի՞նչ գիտէք՝ Իրանը ինչ նկատի ունի»,- ըսած է Միրզոյեան։
Երեւանի մէջ ընթացող COP17 համաժողովի շրջանակին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնած է, որ Իրանը մտահոգութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ որեւէ ներկայութեան առնչութեամբ, սակայն լիովին կը վստահի Հայաստանին եւ համոզուած է, որ հայկական կողմը որեւէ քայլ չի ձեռնարկեր ընդդէմ Իրանի անվտանգութեան։
TRIPP-ը նախատեսուած է Ատրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ապահովելու համար՝ միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծի վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը նախաստորագրուած է այս տարուայ Մայիս 26-ին, ստորագրուած՝ Յունիս 4-ին:

