Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Ըլլան Երկու Ընդդիմադիր Ուժեր, Բայց Ոչ Քոչարեանի Առաջնորդած Ուժը. Փաշինեան

Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Ըլլան Երկու Ընդդիմադիր Ուժեր, Բայց Ոչ Քոչարեանի Առաջնորդած Ուժը. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, որ երկրորդ նախագահին առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքը խորհրդարան պիտի չանցնի: Աւելին՝ նկարագրեց Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն յետոյ ձեւաւորուելիք նոր խորհրդարանին պատկերը, նշելով որ Ազգային Ժողովին մէջ պիտի ըլլան երկու ընդդիմադիր ուժեր, բայց ոչ Քոչարեանի առաջնորդած ուժը:

«Ձեր կէսի չափով մի հատ ուրիշ խմբակցութիւն է ըլնելու, մէկ էլ ընտեղ բանով, երրորդ ուժն էլ, ինչպէս ասում են՝ բանով, մի հատ էլ երրորդ ուժ է ըլնելու, որը դուք չէք ըլնելու»,- համոզմունք յայտնեց Փաշինեան:

Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին վարչապետը տեղեկացուց, որ այս պնդումը ըրած է՝ հիմնուելով իրենց կողմէ իրականացուած հարցախոյզերուն վրայ. «Այո՛, ես տիրապետում եմ հարցախոյզերին եւ տեղեկութեան, բնականաբար, եւ առանց դրա չէի կարող նման բան յայտարարել»:

Ե՞րբ կատարուած են այդ հարցախոյզերը, ինչպիսի՞ ընտրանքով՛ Փաշինեան չմանրամասնեց, միայն շեշտեց, որ անոնք հրապարակման ենթակայ չեն, քանի որ կատարուած են իրենց աշխատանքային նպատակներուն համար:

Երկրորդ նախագահին գրասենեակը, մինչդեռ, կը հակադարձէ՝ վերահաստատելով, որ իրենց կողմէ վերջերս իրականացուած հարցախոյզերը տրամագծօրէն հակառակ պատկերը ցոյց կու տան: Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ
Միկոյեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշեց, որ Յունիս 7-էն յետոյ կ’երեւայ, թէ ով ճիշդ կ’ըսէր, իսկ ով՝ կը ստէր:

«Մեր հարցախոյզերը ցոյց են տալիս տրամագծօրէն հակառակը, մնացածը Յունիսի 7-ից յետոյ կարելի է հարցնել Փաշինեանին՝ ինչո՞ւ էիք հերթական անգամ խաբում, այս դէպքում արդէն՝ ձեր խմբակիցներին»,- յայտնեց Միկոյեան:

Աւելի վաղ, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» հարցախոյզերուն մասին ակնարկած էր Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան՝ պնդելով, որ երկրորդ նախագահին խումբը յաջորդ խորհրդարան անցնելու խնդիր ունի:

Խորհրդարանի խօսնակը նախօրէին արդէն յստակ թիւերով արձագանգած է Ռոպերթ Քոչարեանին. «Քոչարեանի գրասենեակին խորհուրդ եմ տալիս աւելի զուսպ լինել եւ մեծ-մեծ չխօսել, քանզի այս պահին նրա անձնական վարկանիշը՝ որպէս գործիչ, 3 տոկոսի շրջանակներում է։ Իրեն 2021 թուականին քուէարկածների շուրջ 34 տոկոսն այլեւս իրեն չի քուէարկելու, իսկ եթէ ընտրութիւնները լինեն այս Կիրակի, ապա հնարաւոր ձայների քանակը` ներառեալ ՀՅԴ-ն, ամբողջ արքունիքը հաշուած, օգնականներն ու իր գրասենեակի աշխատակազմը ու շէնքը միասին, մօտ 4 տոկոս է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment