Համաշխարհային դրամատան 2020 թուականի ընդհանուր տնտեսական հեռանկարներ (GEP) յունուարեան զեկոյցի համաձայն՝ թէեւ տնտեսական աճի շարժերը Հարաւային Կովկասի մէջ նուազման միտում ունին, սակայն Հայաստանի աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն`ի տարբերութիւն հարեւան երկիրներու:
Մասնաւորապէս, 2020-ի համար կը կանխատեսուի 5,1 տոկոս, 2021 եւ 2022-ին՝ 5,2 տոկոս աճ, նշուած է Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։