Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՏՄ Չորս Երկիրներու Ղեկավարները Կ’առաջարկեն Հայաստանի Մէջ Հանրաքուէ Կայացնել ԵՄ-ի Եւ ԵԱՏՄ-ի Միջեւ Ընտրութեան Հարցով

ԵԱՏՄ Չորս Երկիրներու Ղեկավարները Կ’առաջարկեն Հայաստանի Մէջ Հանրաքուէ Կայացնել ԵՄ-ի Եւ ԵԱՏՄ-ի Միջեւ Ընտրութեան Հարցով

by MassisPost

Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի նախագահները համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են, որով անհրաժեշտ համարած են հնարաւորինս սեղմ ժամկէտերու մէջ Հայաստանի մէջ համազգային հանրաքուէ կայացնել՝ Եւրոմիութեան միանալու կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կազմին մէջ մնալու հարցով։ Համատեղ յայտարարութիւնը հրապարակած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը։

Ասթանայի մէջ, Մայիս 29-ին, ընդունուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ դիրքորոշումը ձեւաւորուած է՝ հաշուի առնելով Հայաստանի կողմէ Եւրոմիութեան անդամակցելուն ուղղուած քայլերը, այդ շարքին՝ 2025 թուականին ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած եւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքը, ինչպէս նաեւ 2026 թուականի Մայիս 5-ին կայացած Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովին բերումով ընդունուած համատեղ հռչակագրին մէջ ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի եւրոպական ձգտումներու վերահաստատումը։

«Կը կիսենք այն դիրքորոշումը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հնարաւորինս կարճ ժամկէտի մէջ կայացնել համազգային հանրաքուէ՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կազմին մէջ հետագայ մնալու հարցով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապատրաստման գործընթացին հետ կապուած տնտեսական անվտանգութեան էական վտանգներ կը տեսնեն Միութեան անդամ պետութիւններուն համար»։

Այդ առնչութեամբ որոշուած է, որ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան, Ղազախստանի Հանրապետութեան, Ղրղզստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան ներկայացուցիչները Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդին մէջ 2026 թուականի Դեկտեմբերին կայանալիք Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի հերթական նիստին պիտի զեկուցեն Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին պայմանագրի գործողութեան կասեցման հնարաւոր հետեւանքներուն մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment