Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Հայ Մարզիկներուն ԱՊՀ Խաղերուն Մասնակցելու Հրաւէր Ուղարկած Է

Պաքուն Հայ Մարզիկներուն ԱՊՀ Խաղերուն Մասնակցելու Հրաւէր Ուղարկած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանը ԱՊՀ 3-րդ խաղերուն մասնակցելու հրաւէրներ ուղարկած է կառոյցի բոլոր երկիրներուն, այդ շարքին՝ Հայաստանին:

Այս մասին յայտնած է խաղերու կազմակերպչկանա կոմիտէի ներկայացուցիչ Այկիուլ Աղաեւա:

«Մենք հրաւէրներ կ’ուղարկենք երկիրներուն, սակայն Հայաստանի մասնակցութիւնը դեռ հաստատուած չէ, եթէ յաջորդ փուլերուն փոփոխութիւններ ըլլան, այդ մասին պիտի յայտարարուի»,- ըսած է ան:

Հայաստանի կառավարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ընթացքին ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի «ԱՊՀ խաղերուն» հայ մարզիկներուն մասնակցելու հրաւէրին, ըսաւ. «Յառաջիկայում կը քննարկենք եւ որոշում կը կայացնենք: Դա կախուած է տարբեր հանգամանքներից, այդ թւում՝ անվտանգութեան միջոցառումներից։ Որոշումները պէտք է կայացուեն ամբողջական տեղեկութեան պարագայում»։

ԱՊՀ երկիրներու խաղերը տեղի պիտի ունենան Ատրպէյճանի մէջ, 28 Սեպտեմբերէն մինչեւ 8 Հոկտեմբեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment