Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Չեղարկած Է Հայաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Մէջ Արտասահմանեան Օգնութեան Նախագիծերու Ֆինանսաւորումը

ԱՄՆ Չեղարկած Է Հայաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Մէջ Արտասահմանեան Օգնութեան Նախագիծերու Ֆինանսաւորումը

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը չեղեալ յայտարարած է տարբեր երկիրներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ, 215 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարի արտասահմանեան օգնութեան նախագիծերու ֆինանսաւորումը: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական արդիւնաւէտութեան նախարարութիւնը (DOGE):

«ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն կը շարունակէ վերանայիլ Պետական քարտուղարութեան արտաքին օգնութիւնը, այսօր չեղարկուած է 215 միլիոն տոլարի 139 անօգուտ դրամաշնորհ»,- ըսուած է DOGE–ի X–ի էջով։

Արտասահմանեանի օգնութեան նախագիծերու ֆինանսաւորումը դադրեցուած է նաեւ Պելառուսիոյ, Պուլկարիոյ, Պրազիլի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ղրղզիստանի, Լիպիոյ, Մավրիթանիայի, Թունուզի, Ուզպեքիստանում եւ Սրի Լանքայի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment