Ապրիլ 15-ին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսէլ կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին հանդիպած է Պաշտպանութեան հարցերով եւրոպական յանձնակատար Անտրիուս Գուպիլիուսի հետ:
Զրուցակիները քննարկած են պաշպանությեան եւ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները:
Ա. Գրիգորեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ պաշտպանական եւ ռազմական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ ոլորտային առաջնահերթությունները։ Իր հերթին, Ա. Գուպիլիուս մանրամասն ներկայացուցած է պատշպանութեան եւ ռազմաարտադրութեան ոլորտին մէջ ԵՄ առաջնահերթութիւնները եւ անոնց շրջանակներուն մէջ մշակուած ռազմավարական հայեցակարգերէն բխող գործողութիւններուն ծրագիրը։
ԱԽ քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնած է Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմի միջոցով Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութեան վերաբերեալ՝ կարեւորելով զայն Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացման տեսանկիւնէն: