Հայաստանի Հանրապետութեան ու Վերակառուցման եւ Զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ «Առողջութեան համապարփակ ծածկոյթի ներդրման ծրագիր» վարկային համաձայնագիրը ստորագրուած է 2024 թուականի Յուլիս 25-ին:
Համաձայնագրով կը նախատեսուի դրամատան կողմէ Հայաստանին տրամադրել 102 միլիոն եւրօ վարկ՝ առողջութեան համապարփակ ծածկոյթի ներդրման ծրագրի իրականացման համար: Այս մասին ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լենա Նանուշեան՝ ԱԺ Առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի՝ Ապրիլ 11-ի նիստին քննարկման ընթացքին ներկայացնելով «Հայաստանի Հանրապետութեան ու Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ «Համընդհանուր առողջապահական ծածկոյթի ծրագրի իրականացում» վարկային համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին» օրէնքի նախագիծը:
Փոխնախարարին խօսքով՝ ծրագրին նպատակն է բարելաւել առաջնային առողջապահութեան որակը, բարձրացնել առողջապահութեան պետական ծախսերուն արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնել առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու ֆինանսական խոչընդոտները: Ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ 2029 թուականի Սեպտեմբեր 30:
Նշուած է, որ վարկը հիմնականին մէջ պիտի օգտագործուի Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան ներդրման նպատակով:
102 միլիոն վարկի տոկոսադրոյքի տեսակը լողացող է, վարկի մարման ժամկէտը՝ 25 տարի, որմէ արտօնեալը՝ 15 տարի:
Վարկի սպասարկման վերաբերեալ վճարումները պիտի կատարուին կիսամեակային կտրուածքով իւրաքանչիւր տարուայ Յունուար 15-ին եւ Յուլիս 15-ին, իսկ մայր գումարին մարումը պիտի իրականացուի՝ սկսած 2039 թուականի Յուլիս 15-էն մինչեւ 2049 թուականի Յունուար 15՝ վարկի գումարի 5 տոկոս հաւասարաչափ չափաբաժիններով:
Փոխնախարարը պատասխանած է պատգամաւորներու հարցումներուն, տուած է պարզաբանումներ:
Յարակից զեկոյցով յանձնաժողովի նախագահ Արսէն Թորոսեան գործընկերներուն յորդորած է կողմ քուէարկել օրինագիծին:
Նախագիծը արժանացած է յանձնաժողովի դրական եզրակացութեան: