Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանին Պէտք Են Անվտանգութեան Ամուր Երաշխիքներ. Փափուաշվիլին՝ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման Մասին

Հայաստանին Պէտք Են Անվտանգութեան Ամուր Երաշխիքներ. Փափուաշվիլին՝ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման Մասին

by MassisPost

Միջազգային գործընկերութիւն յանուն մարդու իրաւունքներու (IPHR) կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագրերու ղեկավար Սիմոն Փափուաշվիլին կասկածներ ունի, որ միայն խաղաղութեան համաձայնագրի հնարաւոր ստորագրումը կրնայ կանխել Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումը։

Սիմոն Փափուաշվիլին այս մասին ըսած է Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչաակրգը վերջին տարիներուն բազմիցս ցոյց տուած է, որ կ’անտեսէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները։

«Ես կասկածանքով կը վերաբերիմ Ատրպէյճանի հետ այս պահուն որեւէ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հեռանկարին։ Ալիեւի վարչակարգը վերջին տարիներուն բազմիցս անտեսած է իր միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները, եւ ես խորապէս կը կասկածիմ, որ միայն խաղաղութեան համաձայնագիրը կը կարենայ կանխել Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումը Հայաստանի դէմ։ Փոխարէնը, ես համոզուած եմ, որ Հայաստանին անհրաժեշտ են ուժեղ անվտանգութեան երաշխիքներ իր եւրոպական դաշնակիցներէն, որոնք պէտք է ներառեն երկրի պաշտպանական եւ ռազմական կարողութիւններու ամրապնդումը՝ հետագայ ատրպէյճանական յարձակումները զսպելու համար»,- ըսած է Սիմոն Փափուաշվիլին՝ ցաւով արձանագրելով, որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժի կիրառումը կը շարունակէ մնալ միակ իրական ազդեցիկ լեզուն։

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յայտարարած են, որ աւարտել են Խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնները:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած է սկսիլ խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած նախագիծի ստորագրման շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment