Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին յիշեցուց, որ Իրան իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի վարչապետին ներկայացուցած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրին:
«Կը գտնենք, որ այն մեծ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար: Մենք կը գտնուինք կէտի մը վրայ, որ կրնանք ըսել, որ Հայաստանն ու Իրանը յարաբերութիւնները զարգացնելու համար բազմազանութիւն ունենք, եւ յարաշարժօրէն կը զարգանան մեր յարաբերութիւնները»,- նշեց ան:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը եւ Իրանը պայմանաւորուած են, որպէսզի լաւագոյնս օգտագործեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ներուժը:
«Իրանը եւ Հայաստանը պատրաստ են պայմաններ ստեղծելու տարանցման ոլորտին մէջ, որ իրանեան բեռնափոխադրումները Սեւ ծով եւ իրանեան բեռնատարներու փոխադրումը դէպի Պարսից ծոց, Հնդկաստան, Օման դիւրացուին: Ինչպէս նաեւ հիանալի զրոյց ունեցած ենք Արաքս գետին վրայ նոր կամուրջ կառուցելու վերաբերեալ, բեռնափոխադրումները դիւրացնեու համար:
«Մենք պայմանաւորուած ենք նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութիւնը եւ աջակցումը միմեանց դիրքորոշումներուն շարունակելու ուղղութեամբ:
«Մշակութային եւ ժողովուրդին միջեւ կապերը բարձր կը գնահատենք, եւ մենք վճռական ենք, որ այդ յարաբերութիւնները զարգացնենք, նաեւ օգտագործենք հնարաւոր ներուժը՝ միւս ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու: Մենք կը գտնենք, որ երկու երկիրներուն մէջ առկայ են ներուժեր, որոնք օգտագործուած չեն, անոնք պէտք է վեր հանել եւ օգտագործել»,- նշեց Արաղչի: