Հիմա ժամանակն է պարտաւորուիլ խաղաղութիւն հաստատելու, ստորագրելու եւ վաւերացնելու պայմանագիրը` սկիզբ դնելով Հարաւային Կովկասի բնակիչներու բարգաւաճման նոր դարաշրջանին: Այս մասին կ’ըսուի Պետական Քարտուղարութեան՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ:
«ԱՄՆ կը շնորհաւորէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պատմական խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտելու առիփով: Սա երկու երկիրներուն համար հնարաւորութիւն է շրջելու տասնամեակներու վաղեմութեան հակամարտութեան էջը՝ նախագահ Թրամփի` աւելի խաղաղ աշխարհի տեսլականին համահունչ»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: