Հայաստան չէ ստանձնած որեւէ պարտաւորութիւն, ներառեալ նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ, որ չէ կատարած, խորհրդարանին մէջ յայտնեց արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ արձագանգելով թեմային շուրջ Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէի հնչեցուցած մեկնաբանութիւններուն:
Պաքուէն արձագանգած էին ապաշրջափակման վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն եւ նշած, թէ Հայաստանը պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման համար եւ կատարէ «այդ ուղղութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները»:
Միրզոյեան վերահաստատեց՝ Հայաստան պատրաստ է օր առաջ բանալու եւ նպաստելու տարածաշրջանային ու ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման։
«Մենք հանդէս ենք եկել խորը եւ շատ ընդգրկուն նախաձեռնութեամբ՝ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» եւ դրա տրամաբանութեան շրջանակում Ատրպէյճանին շատ յստակ առաջարկներ ենք արել, – նշեց նախարարը, ապա յաւելեց, – հարցը միայն Ատրպէյճանի մասին չէ։ Տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակումը շատ աւելի լայն խօսակցութիւն է, որը ներառում է նաեւ մեր արեւմտեան հարեւանին, մենք Թուրքիայի հետ ունենք այդ խօսակցութիւնը Կիւմրի-Կարս երկաթգծի մասով»: