Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքրոն Վերահաստատած Է Ֆրանսայի Վճռականութիւնը՝ Աջակցելու Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան

Մաքրոն Վերահաստատած Է Ֆրանսայի Վճռականութիւնը՝ Աջակցելու Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան

by MassisPost

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։

Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Արհեստական բանականութեան գործողութիւններու գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար։

Ան կարեւորած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բազմոլորտ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ վերահաստատած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի զարգացման եւ կայունութեան ապահովման։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ ընդգծելով, որ 2024 թուականը խիստ աշխոյժ եղած է Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու առումով։

Վարչապետը ընդգծած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն եւ գերատեսչութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ, կը պահպանուին կանոնաւոր շփումներ, եւ այսօր Հայաստանի ու Ֆրանսայի յարաբերութիւնները հասած են նոր մակարդակի։

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները քննարկած են երկկողմ համագործակցութեան զարգացման շարք մը հարցեր, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան, ուժանիւթի, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագրերու իրականացման հեռանկարները։

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, սահմանազատման ուղղութեամբ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման՝ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծի շրջանակին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է ՀՀ կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան շարք մը այլ հարցեր։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգի շարունակական յառաջմղման վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment