Home Uncategorized Պէտք Չէ Թերագնահատել Հայաստանի Պաշտպանական Կարողութիւնները. Իրանի Դեսպան

Պէտք Չէ Թերագնահատել Հայաստանի Պաշտպանական Կարողութիւնները. Իրանի Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին հաւաստմամբ՝  Իրան դիւանագիտական ճանապարհով պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ կանխուի նոր մագլցում։

Այդ կարծիքը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչ քայլերու պիտի դիմէ Իրան, եթէ հատուին անոր կողմէ յառաջ քաշուած կարմիր գիծերը եւ Ատրպէյճան յարձակի Հայաստանի վրայ։

«Մենք կողմնակից ենք դիւանագիտական երկխօսութեան միջոցով վիճահարոյց խնդիրները կարգաւորելու մօտեցման եւ միանշանակ դէմ ենք ուժի կիրառման միջոցով տարածաշրջանային հարցերը լուծելուն։ Մենք պիտի գործադրենք մեր ամբողջ ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ու այլ երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւնները, որպէսզի կովկասեան տարածաշրջանը չմտնէ նոր լարուածութեան փուլ։ Միջանցք բանալու հարցով ուժի կիրառումը որեւէ բացատրութիւն չունի։ Իրան կը կիսէ Հայաստանի տեսակէտը առ այն, թէ որեւէ երկրի տարածքով անցնող ճանապարհները պէտք է գործարկուին այդ երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Սա նաեւ միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւունք է։ Եթէ Հայաստանի նկատմամբ իրականացուի յարձակում, ապա կը կարծեմ, որ նախեւառաջ Հայաստան ի զօրու պիտի ըլլայ պաշտպանելու ինքզինք։ Հայաստանի պաշտպանական հնարաւորութիւնները թոյլ չեն եւ այդ կարողութիւնները պէտք չէ թերագնահատել»,- ըսաւ դեսպան Սոբհանին։

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը իր բնոյթով ռազմական չէ: ՀՀ իշխանութիւնները իրանաեան կողմին հաւաստիացուցած են, որ այդ առաքելութիւնը պարզապէս հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութիւն պահպանելու եւ լարուածութիւնը կանխելու նպատակ ունի, ինչ որ իրանեան կողմին հասկնալի է։
«Մենք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սեփական քաղաքականութիւնը բազմազանեցնելու դիրքորոշման կը վերաբերինք յարգանքով։ ՀՀ իշխանութիւնները մեզի յայտնած են, որ Եւրոմիութեան ու եւրոպական շարք մը երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կրնան նաեւ լաւ հնարաւորութիւններ ստեղծել հայ-իրանեան փոխգործակցութեան համար։ Եթէ Հայաստան յաջողի ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այդ հանգամանքը օգտագործել ի նպաստ հայ-իրանեան յարաբերութիւններու խթանման, ապա մենք դրական կը գնահատենք այդ ջանքերը»,- ըսաւ Մեհտի Սոպհանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment