ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը գաղտնազերծած է փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն՝ 90-ականներու վերջը Ռոպերթ Քոչարեանն ու Հէյտար Ալիեւը գլուխ-գլխի՝ առանց միջնորդներու, համաձայնութեան եկած էին լուծելու Ղարաբաղեան խնդիրը տարածքներու փոխանակմամբ` Մեղրին Ղարաբաղի դիմաց։ Ամերիկեան գաղտնի հեռագրերը կը բացայայտեն մանրամասնութիւններ, որոնք մինչ այս երբեք չեն հրապարակուած։
Այս մասին գրած է «ազատութիւն»-ը:
Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ տարածքներու փոխանակման տարբերակը յայտնի է որպէս Կոպլի ծրագիր՝ Պետական Քարտուղարությեան նախկին աշխատակից Փօլ Կոպլի անունով։ Ան հրապարակ հանած էր այդ գաղափարը 1992-ին, երբ նախկին պետական քարտուղար Սայրուս Վենսը ՄԱԿ-ի յանձնարարութեամբ այցելած էր Ղարաբաղ։
Կոպլը Պետական Քարտուղարութեան բարձր պաշտօն չէր զբաղեցներ, անոր առաջարկն ալ պաշտօնական չէր: Բայց, ինչպէս գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը կը վկայեն, այդ հարցը 90-ականներու սկիզբը արդէն փակ դռներու ետին սկսած էր քննարկուիլ ամենաբարձր մակարդակով, ընդ որում, ոչ թէ Կոպլի, այլ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։ Եւ այսօր դժուար է ըսել՝ ով առաջինը շրջանառած էր զայն: Յստակ է, որ Թուրքիոյ նախագահը 1992-ին՝ Հայաստանի անկախացումէն մէկ տարի անց, այդ առաջարկը դրած է Ամերիկայի նախագահի սեղանին: Թուրկութ Օզալը, ըստ Սպիտակ տան գաղտնազերծած փաստաթուղթին, ըսած էր.
«Ես գաղափար մը ունիմ. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 80 տոկոսը հայեր են, 20 տոկոսը՝ ատրպէյճանցիներ։ Անոնք կրնան տարածքներու փոխանակում ընել՝ Ղարաբաղը անցնի Հայաստանին, իսկ Ատրպէյճանը Հայաստանէն ստանայ հատուած մը, որ երկու մասի կը բաժնէ Ատրպէյճանը»։
Պուշ-աւագի վարչակազմին այս առաջարկը կարծես չէ ոգեւորած։ Անքարան, սակայն, չէ մոռցած եւ վերստին այն շրջանառութեան մէջ դրած է ԱՄՆ յաջորդ նախագահի՝ Պիլ Քլինթընի օրօք։ 1997-ին, ըստ Պետական Քարտուղարութեան գաղտնազերծած փաստաթուղթերուն, Թուրքիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Օնուր Օյմենը զանգահարած է պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թալպոթին եւ կրկին առաջարկած Ղարաբաղեան հարցը լուծել «սահմաններու փոփոխութեան» տարբերակով.
«Օյմեն ըսաւ, որ խօսած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Էճեւիթի հետ, որ գաղափար մը յառաջ քաշած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ՝ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւն, որու պարագային Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղը կը զիջի Հայաստանին, Հայաստանն ալ տարածքային զիջումներ կ’ընէ Ատրպէյճանին»:
Օյմեն պնդած է, թէ թրքական կողմը արդէն քննարկած է այս հարցը ռուսերուն հետ, եւ հարցուցած՝ ո՞րն է Ուաշինկթընի դիրքորոշումը։ Պետական քարտուղարի տեղակալ Թալպոթ արձագանգած է՝ այդ տարբերակը կրնայ շեղել հակամարտող կողմերը Մինսքի խումբի առաջարկներէն, եւ ոչ թէ լուծել, այլ՝ ա՛լ աւելի խճճել խնդիրը։
«Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ փորձը ցոյց կու տայ, որ սահմաններու փոփոխութիւնը նման է Փանտորայի արկղ բանալուն. Ղարաբաղի հարցով այն լաւագոյն պարագային փակուղի պիտի մտցնէ հարցը, վատագոյն պարագային՝ պիտի յանգեցնէ բռնութիւններու»,- ըսած է ան։
Միաժամանակ, Թալպոթ պնդած է՝ եթէ ատրպէյճանցիները եւ հայերը բանակցութիւններու միջոցով՝ առանց ուժի գործադրման, որոշեն երթալ այդպիսի լուծման, Մինսքի խումբն ու Ամերիկան պիտի աջակցին անոր։
Այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ իշխող վարչակազմը, սակայն, մերժած է քննարկել այդ գաղափարը, ինչի մասին կը նշուի 1997-ի Սեպտեմբերի դիւանագիտական հեռագրերէն մէկուն մէջ։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն յետոյ, սակայն, ինչպէս գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը կը վկայեն, տարածքներու փոխանակման գաղափարը մտած է բանակցային օրակարգ ՝ Ռոպերթ Քոչարեան-Հէյտար Ալիեւ գլուխ-գլխի հանդիպումներուն շնորհիւ։ Անկէ առաջ միջնորդներու ներկայացուցած փուլային, փաթեթային, ընդհանուր պետութեան տարբերակները մերժուած էին այս կամ այն կողմէ. այդ փուլին, երբ կը թուէր՝ բանակցութիւնները փակուղի մտած են, Քոչարեանն ու հայր Ալիեւը սկսած էին հանդիպիլ առանց միջնորդներու։
«Ազատութեան» տրամադրութեան տակ են Պետական Քարտուղարութեան գաղտնազերծած քանի մը փաստաթուղթեր, ուր ամերիկացի դիւանագէտներն ու անոնց բարձրաստիճան զրուցակիցները կը նշեն՝ այդ հանդիպումներու բերումով՝ 1999-ի Սեպտեմբերին, Քոչարեանը սկզբունքօրէն համաձայնած է տարածքներու փոխանակման Ալիեւի առաջարկին։ Ըստ ամերիկացի դիւանագէտներու, այդ տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Սադարակի հատուածին վրայ։
Ատիկա Ալիեւ-Քոչարեան արդէն հինգերորդ հանդիպումն էր 1999 թուականի ընթացքին, եւ եզակիներէն մէկը, որու աւարտին երկու նախագահներն ալ հրապարակաւ ըսած էին, թէ կը պատրաստուին զիջումներու երթալու։
«Ռոպերթ Սեդրակովիչն ու ես կը մտածենք` ով ինչ փոխզիջման կրնայ երթալ»,- ըսած էր Հէյտար Ալիեւ:
«Այո՛, պէտք է ըսեմ, որ մենք քննարկած ենք փոխզիջումներու, բանակցային գործընթացին մէջ, այսպէս ըսած, իրարու ընդառաջ երթալու աստիճանը»,- արձագանգած էր Ռոպերթ Քոչարեանը:
Նախագահները բաժնուած էին բարձր տրամադրութեամբ, քննարկած, թէ քանի ոչխար պիտի մորթեն, երբ վերջնական համաձայնութիւնը ստորագրեն, չբացայայտելով՝ ճիշդ ինչպէս կը պատրաստուին հարցը լուծելու։
Մանրամասնութիւնները կը պարզուին այդ հանդիպումէն յետոյ Ուաշինկթըն ուղարկուած դիւանագիտական հեռագրէ մը, որ կազմած են այդ ժամանակ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ աշխատող ամերիկացի դեսպանները։ «Հիմա խաղաղութեան հեռանկարը շատ աւելի տեսանելի է, քան երբեւէ հակամարտութեան մեկնարկէն՝ 1988-էն ի վեր՝ շնորհիւ նախագահներ Քոչարեանի ու Ալիեւի ջանքերուն»,- գրած են ամերիկացի դիւանագէտները, մանրամասնելով.
«Խաղաղութեան հեռանկարները հիմա շատ աւելի յուսադրող են, քան երբեւէ հակամարտութեան մեկնարկէն ի վեր՝ նախագահներ Քոչարեանի ու Ալիեւի ջանքերուն շնորհիւ։ 1999-ի Ապրիլին նախագահ Ալիեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի ծիրին մէջ կայացած հանդիպման առաջարկած է տարածքներու փոխանակում։ Նախագահ Քոչարեան սկզբունքօրէն համաձայնած է, եւ երկու նախագահները մտած են քննարկումներու գործուն փուլ՝ Ալիեւի առաջարկներու հիման վրայ»։
Սադարակի մէջ տեղի ունեցած այդ հանդիպումէն յետոյ ԱՄՆ փոխնախագահ Ալ Կոր ուղերձ յղած էր կողմերուն՝ քաջալերելով «ուղիղ երկխօսութեամբ ձեռք բերուած կարեւոր յառաջընթացը»։ Ամերիկայի փոխնախագահի ուղերձին մէջ կ’ըսուէր․
«Կը հասկնամ, որ այդ բանակցութիւնները կը նախատեսեն ոչ-հեշտ զիջումներ, որոնց պէտք է երթան երկու կողմերը, բայց ես, միաժամանակ, կը կարծեմ, որ ձեր որոշումը՝ օգտուիլ այդ բացառիկ հնարաւորութենէն, իմաստուն է ու քաջ»։
ԱՄՆ նախագահն ու պետական քարտուղարն ալ այդ օրերուն տարածաշրջան գործուղած էին Ղարաբաղեան խնդրով զբաղուող պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թալպոթը, որ հանդիպած էր նախ Ատրպէյճանի, յետոյ՝ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, ապա՝ մեկնած Անքարա։
Հանդիպելով Թուրքիոյ նախագահ Տեմիրելի հետ՝ պետական քարտուղարի տեղակալ Թալբոթ նշած է՝ Պաքուի մէջ այս համաձայնութենէն այնքան ոգեւորուած են, որ տպաւորութիւն է, թէ ինչ-որ բան կրնայ ստորագրուիլ անկէ քանի մը շաբաթ անց Սթամպուլի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ գագաթաժողովին։ Պետական քարտուղարի տեղակալը նոյնիսկ խնդրած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու պետական քարտուղարին աշխատանքային ժամանակացոյցին մէջ տեղ պահել՝ Ալիեւ-Քոչարեան հնարաւոր համաձայնութեան ներկայ ըլլալու համար:
Սակայն, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալը տարածաշրջանէն չէր հեռացած, երբ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ սպաննուեցան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի ղեկավար Կարէն Դեմիրճեանն ու վեց այլ պաշտօնեաներ։ Քանի մը ժամուան մէջ, մինչ Թալպոթ Երեւանէն կը հասնէր Անքարա, Հայաստանի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը անդառնալիօրէն փոխուեցաւ, եւ ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, որ հետագայ տարիներուն ազդեցութիւն ունեցաւ ոչ միայն երկրին, այլեւ Մեղրիի հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ։ Դիւանագիտական փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ այդ մասով մանրամասնութիւններ կան։
Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Քերի Քաւանօ, մասնաւորապէս, գաղտնի հեռագրերէն մէկուն մէջ կը պնդէ, թէ Հոկտեմբեր 27-ի կէսօրին Հայաստանի նախագահականին մէջ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը կողմ եղած է Քոչարեանի ու Ալիեւի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան։ Պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թալպոթ, մինչդեռ, նոյն օրը՝ Հոկտեմբեր 27-ին հասնելով Անքարա, Թուրքիոյ նախագահին ըսած է` Վազգէն Սարգսեանը Քոչարեանի ծրագրերէն ամբողջութեամբ տեղեակ չէր․
«Պետական քարտուղարի տեղակալը նախագահ Տեմիրելին ըսաւ, որ նախագահ Քոչարեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին վարչապետ Սարգսեան առաջին անգամ կը լսէր Քոչարեան-Ալիեւ քննարկումներու որոշ մանրամասնութիւններ»։
Թէ որոնք եղած են այդ մանրամասնութիւնները, Պետական Քարտուղարութեան հեռագիրը չի յստակացներ։ Թալպոթ Տեմիրելին միայն փոխանցած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանը, ի տարբերութիւն Հէյտար Ալիեւի, աւելի զգուշաւոր էր եւ կը յորդորոէր իրեն շատ չշտապեցնել։ Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութենէն ժամեր անց Ամերիկայի պետական քարտուղարի տեղակալը Թուրքիոյ նախագահին հետեւեալը պատմած է հայկական կողմին հետ իր բանակցութիւններէն.
«Քոչարեանի զգուշաւորութեան մէկ մասը իր մտահոգութիւնն էր, որ ռուսերը հնարաւոր է՝ ամբողջութեամբ տեղեակ չեն իր ու Ալիեւի միջեւ ձեռք բերուած յառաջընթացէն։ Քոչարեանը պիտի հանդիպի Ելցինին Նոյեմբեր 5-ին ու խօսի անոր հետ։ Քոչարեանը անհանգստացած էր՝ յանկարծ այնպէս չստացուի, որ Մոսկուային թուի, թէ ինքը կամ ամերիկացիները կ’աշխատին ռուսերու թիկունքին»։
Յայտնելով այս մանրամասնութիւնները՝ Թալպոթ զգուշացուցած է՝ թէ՛ Ալիեւը, թէ՛ Քոչարեանը կը խնդրեն, որ իրենց համաձայնութիւնը մնայ խիստ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ։ Տեմիրելը խոստացած է՝ տեղեկութիւնը սենեակէն դուրս չի գար։ Պետական քարտուղարի տեղակալի հետ այդ հանդիպման Հայաստանի նախագահը հարց բարձրացուցած է նաեւ Իրանի հետ կապերը պահելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ.
«Քոչարեաը ըսաւ, թէ Հայաստանը կ’ուզէ Ատրպէյճանի եւ/կամ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան միջոցով ինչ-որ ճանապարհ գտնել՝ երաշխաւորելու իր համար կարեւոր առեւտրային կապերը Իրանի հետ։ Տեմիրել համաձայնեցաւ՝ Ատրպէյճանը ատիկա ընելու համար կրնայ ինչ-որ ձեւ գտնել»։
Պաքուի մէջ, սակայն, մտադիր չէին նոր զիջումներու երթալ։ Սադարակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն շաբաթներ անց՝ 1999-ի Նոյեմբերին, հայր Ալիեւ Ուաշինկթըն գործուղած է ներկայացուցչական պատուիրակութիւն, որու կազմին մէջ էին երկրի վարչապետն ու ներկայիս նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Պետական քարտուղարի տեղակալին հետ անոնց հանդիպման սղագրութենէն ակնյայտ է, որ անոնք Ուաշինկթըն մեկնած էին տարածքներու փոխանակման տարբերակը քննարկելու.
«Ալիեւն ու Ռասիզատէն ըսին, որ դրական հանդիպումներ ունեցած են Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամին ու Համաշխարհային Դրամատան մէջ, եւ յստակ տպաւորութիւն ստացած, որ երկու կառոյցներն ալ պատրաստ են արագօրէն յառաջ երթալու՝ աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագրի իրագործման»։