Հայաստանի սահմանային կարողութիւնները ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ հայ-թրքական եւ հայ-իրանեան սահմանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման։
Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան։
«Միշտ դա իրականացուել է երրորդ երկրի կողմից, վերջապէս մենք դա պէտք է անենք։ Իտէալական աշխարհում ամէն երկիր ինքը պէտք է հսկի իր սահմանները»,- նկատեց ան։