Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Դիւանագիտութեան Ղեկավար Գայա Քալաս Պիտի Ժամանէ Հայաստան

ԵՄ Դիւանագիտութեան Ղեկավար Գայա Քալաս Պիտի Ժամանէ Հայաստան

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ  Գայա Քալաս մօտ ապագային պիտի ժամանէ Հայաստան։

Ազգային Ժողովի եւրոպական համարկման յանձնաժողովի արտահերթ նիստին ժամանակ այս մասին յայտարնեց ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան։

Յովհաննիսեան սպասուող այցի վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց, սակայն նշեց, որ պիտի քննարկուին համագործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր:

«Մօտ շաբաթներին կ’ունենանք Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Գայա Քալասի այցը Հայաստան»,- տեղեկացուց Յովհաննիսեան՝ յաւելելով, որ կը նախատեսուին նաեւ այլ բարձրաստիճան այցելութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment