Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացի Խորհրդարանականները Ընդգծած Են Հայաստանին՝ Եւրոպական Համարկման Գործընթացին Սատարելու Պատրաստակամութիւնը

Եւրոպացի Խորհրդարանականները Ընդգծած Են Հայաստանին՝ Եւրոպական Համարկման Գործընթացին Սատարելու Պատրաստակամութիւնը

by MassisPost

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան Ազգային Ժողովին մէջ ընդունած է Հիւսիսային Եւրոպայի եւ Պալթեան երկիրներու ձեւաչափի (Nordic-Baltic) խորհրդարաններու նախագահներու ու փոխնախագահներու ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Հիւրընկալուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Էսթոնիոյ Ռիիկիքոկուի նախագահ Լաուրի Եուսարը, Լաթվիայի Սայեմայի խօսնակ Տաիկա Միերինյան, Ֆինլանտայի Էտուսքունթայի խօսնակ Եուսսի Հալլա-ահոն, Նորվեկիոյ Սթորթինկի նախագահ Մասուտ Ղարահխանին, Դանիոյ Ֆոլքեթինկի փոխխօսնակ Քարսթըն Հոնկէն, Լիթուանիոյ Սեյմասի փոխխօսնակ Եուոզաս Օլեքասը, Շուէտի Ռիքստակի նախագահի տեղակալ Քէնեթ Ֆորսլունտը եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնեաներ:

Ընդլայնուած կազմով տեղի ունեցած քննարկման, որուն մասնակցած են նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստան ժամանած պաշտօնեաներուն՝ նշելով, որ այսպիսի բարձրագոյն կազմով պատուիրակութեան այցը շատ կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար. «Ազգային Ժողովի եւ անձամբ իմ անունից խորապէս գնահատում եմ բոլոր պատուիրակութիւնների Հայաստան այցելելու յանձնառութիւնը՝ մեր երիտասարդ ժողովրդավարութեանն աջակցելու համար: Հայաստանը մեծ նշանակութիւն է տալիս ձեւաչափի իւրաքանչիւր երկրի հետ իր յարաբերութիւններին՝ թէ՛ որպէս երկկողմ գործընկերներ, թէ՛ որպէս Եւրամիութեան անդամներ կամ կապակցուած երկրներ: Հայաստանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ ժողովրդավարական բարեփոխումների իր յանձնառութեանը, որն էական նշանակութիւն ունի կայուն զարգացման, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքների ոլորտում առաջընթացի համար: Մենք երախտապարտ ենք բարեփոխումների հարցում ձեր շարունակական աջակցութեան համար»,- նշած է ՀՀ ԱԺ նախագահը:

Հիւսիսային Եւրոպայի եւ Պալթեան երկիրներու ձեւաչափի խորհրդարաններու նախագահներն ու փոխնախագահները իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնած են Ալէն Սիմոնեանին ջերմ ընդունելութեան համար ու նշած, որ տպաւորուած են Հայաստանով: Վերջիններս իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ նշած, որ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը: Անոնք նաեւ շեշտած են Հայաստանի՝ եւրոպական համարկման գործընթացին սատարելու պատրաստակամութիւնը՝ ընդգծելով, որ պատրաստ են իրենց ներդրումը ունենալու այդ ճանապարհին:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment