Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պայտընի Եւ Պլինքընի Վարչակազմին Օրօք Միացեալ Նահանգները Կողմնակալութիւն Դրսեւորած Է Ատրպէյճանի Նկատմամբ»․ Ալիեւ

«Պայտընի Եւ Պլինքընի Վարչակազմին Օրօք Միացեալ Նահանգները Կողմնակալութիւն Դրսեւորած Է Ատրպէյճանի Նկատմամբ»․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը անուանած է կողմնակալ եւ պնդած, որ դեմոկրատներու քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է ատրպէյճանա-ամերիկեան յարաբերութիւններու ճգնաժամի։ Ատրպէյճանի առաջնորդը այս մասին յայտնած է ԱՄՆ քրիստոնեայ առաջնորդներու գոնկրէսի ղեկավար Ճոնի Մուրի հետ Տաւոսի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։

«Պայտընի եւ Պլինքընի վարչակազմին օրօք Միացեալ Նահանգները կողմնակալութիւն դրսեւորած է Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչի հետեւանքով ճգնաժամ յառաջացած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ»,- ըսուած է Ատրպէյճանի նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ։

Ալիեւ քննադատած է նաեւ «Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան» 907-րդ յօդուածի վերակիրարկումը, որ կը սահմանափակէ Պաքուին տրամադրուող ԱՄՆ կառավարութեան օգնութիւնը։ ԱՄՆ նախորդ կառավարութեան այս որոշումը Ատրպէյճանի նախագահը գնահատած է «երախտամոռութեան դրսեւորում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment